2014-03-25 09:05:55

Ուքրանիա իր ուժերուն կը հրամայէ հեռանալ Խրիմէն։


Ուքրանիոյ ժամանակաւոր նախագահ Օլեքսանտըր Թուրչինով յայտնեց, որ ուքրանական ուժերու Խրիմէն հեռացումը հրամայած է: Ան նշեց, որ այդ որոշումը որդեգրուած է, որովհետեւ Ռուսիա վտանգած է զինուորներուն եւ անոնց ընտանիքներուն կեանքերը:
Ուքրանիոյ պաշտպանութեան նախարարութենէն պաշտօնատար մը «Պի.Պի.Սի.»¬ին յայտնեց, որ միայն երկու մարտանաւեր եւ ոստիկանութեան կեդրոն մը կը շարունակեն բարձրացնել ուքրանական դրօշը: Ռուս պաշտօնատարներ նախապէս յայտնեցին, որ ռուսական եռագոյնը կը ծածանի Խրիմի մէջ ուքրանական բանակի 189 կեդրոններու վրայ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Հոլանտայի վարչապետ Մարք Ռութի հետ տուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին ըսաւ, որ իր երկիրը եւ Եւրոպա ուքրանական կառավարութեան եւ անոր ժողովուրդին աջակցութեան հարցին մէջ միասնական են, անոնք նաեւ միասնական են Ուքրանիոյ մէջ մինչեւ հիմա կատարուած արարքներուն համար Ռուսիոյ գին վճարեցնելու հարցին մէջ:
Օպամա հոլանտական «Վոլքսքրանթ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած էր. «Միացեալ Նահանգներ Եւրոպան չեն դիտեր իբրեւ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ մարտադաշտ»: «Մենք նաեւ Ուքրանիոյ իրադարձութիւնները չենք դիտեր իբրեւ զերոյական արդիւնքով խաղ», նշած է ան` աւելցնելով, որ «այս մտածողութիւնը պէտք է վերանար «պաղ պատերազմ»-ին հետ մէկտեղ»:
«Ուքրանացի ժողովուրդը պէտք չէ ընտրութիւն կատարէ Արեւելքի եւ Արեւմուտքի միջեւ: Ընդհակառակն, կարեւոր է, որ Ուքրանիան լաւ յարաբերութիւններ պահպանէ Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Եւրոպայի հետ», յայտարարած է Օպամա` աւելցնելով. «Ինչպէս ես արդէն ըսած եմ, Ուքրանիոյ ապագան պէտք է որոշէ ուքրանացի ժողովուրդը»:
«Կարեւոր է, որ Ռուսիա հասկնայ, որ միջազգային ընտանիքը պիտի չճանչնայ Ուքրանիոյ գերիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան խախտումը», ըսած է Օպամա:








All the contents on this site are copyrighted ©.