Նախագահ Սարգսեան եւ Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Արամ Ա. Կաթողիկոսին հեռաձայնելով կը յայտնեն
իրենց մտահոգութիւնն ու զօրակցութիւնը Քեսապի հայութեան գծով։
Երկուշաբթի 24 մարտի առաւօտ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս հեռաձայն ստացաւ
Հայաստանի Հանրապետութեան վսեմաշուք Նախագահ՝ Սերժ Սարգսեանի կողմէ: Նախագահը ուզեց Վեհափառ
Հայրապետէն իմանալ Քեսապէն ներս ստեղծուած կացութեան մասին: Վեհափառ Հայրապետը մանրամասնօրէն
զեկուցեց Պրն. նախագահին ուրբաթ եւ շաբաթ օրեր յաջորդաբար թրքական սահմաններէն դէպի Քեսապ
զինեալներու կազմակերպ թափանցումը՝ Թուրքիայէն եկող սաստիկ ռմբակոծումներու տարափին տակ:
Ապա իր կոչը ուղղուած Սուրիոյ պետութեան՝ պաշտպանելու Քեսապի անզէն հայ ժողովուրդը: Վեհափառ
Հայրապետը նաեւ յայտնեց որ փաստօրէն Քեսապ պարպուած է իր հայութենէն եւ գաղթականները
ապաստան հաստատած են Լաթաքիոյ եկեղեցւոյ ու դպրոցին մէջ: Պրն նախագահը իր պատրաստակամութիւնը
յայտնեց ամէն գնով օգտակար հանդիսանալու մեր ժողովուրդի զաւակներուն եւ խոստացաւ առաջին
հերթին այս հարցը արծարծել դիւանագիտական ու քաղաքական շրջանակներէն ներս: Նոյն օը
երեկոյեան Վեհափառ Հայրապետին հեռաձայնեց Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ իր
մտահոգութիւնը յայտնեց Քեսապէն ներս տիրող կացութեան գծով: Արամ Ա. կաթողիկոս պարզեց
շրջանէն ներս տեղի ունեցած դէպքերը: Գարեգին Բ. Կաթողիկոս նաեւ իր պատրաստակամութիւնը
յայտնեց օգտակար հանդիսանալու շրջանի հայութեան: Երկու Վեհափառ Հայրապետները որոշեցին
մնայուն կապի մէջ ըլլալ: