2014-03-24 14:06:05

ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ճառը Կինուէի եպիսկոպոսներուն կանոնական հնգամեայ այցելութեան առթիւ։


''Որպէսզի ձեր քարոզութիւնը խորապէս յուզէ մարդոց սիրտը հարկաւոր է որ միացած ըլլաք սիրոյ մէջ''։

Երկուշաբթի, 24 մարտ 2014ին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ընդունեց Կինուէի եպիսկոպոսները, որոնք Հռոմ եկած են իրենց հնգամեայ այցը կատարելու ս. Պետրոսի յաջորդին։
Անոնց ուղղած ճառին մէջ, Նորին Սրբութիւնը իր խնդակցութիւնն ու երախտագիտութիւնը յայտնեց Կինուէի եպիսկոպոսներուն տածած առաքելական աշխատանքին համար։
''Քրիստոսի աշակերտները` մէկ մարմին կը կազմեն Քրիստոսի մէջ եւ իրենց հաւատքի ապրումով կ'աւետեն Յիսուսի Աւետարանը հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն։ Որպէսզի ձեր քարոզութիւնը խորապէս յուզէ մարդոց սիրտը - դիտել տուաւ Սրբազան Հայր - հարկաւոր է որ միացած ըլլաք սիրոյ մէջ։ Աւետարանի քարոզութիւնը որպէսզի առատ պտուղ տայ, հարկաւոր է որ մեր կեանքի ընթացքը համախոհ ըլլայ Աւետարանի քարոզութեան հետ''։
Սրբազան Հայրը եպիսկոպոսներուն առաջարկեց մասնակից դարձնել հաւատացեալները եւ մասնաւորապէս երիտասարդները, եկեղեցւոյ հովուական կեանքին, առաջնահերթութիւն տալով աղօթքին։ Աշխարհականները կանչուած են յանձնառումով գործելու ընկերութեան եւ իրենց շրջապատին մէջ, վկայութիւն տալով իրենց քրիստոնէական հաւատքին։
Սրբազան Հայրը Կինուէի եպիսկոպոսներուն ապա ըսաւ, ''հակառակ ձեր դիմագրաւած դժուարութիւններուն կը խրախուսեմ ձեզ խորացնել ձեր կապերը իսլամ հայրենակիցներուն հետ, աշխատեցէք փոխադարձաբար իրարզիրար ճանչնալ եւ իրար ընդունիլ''։
Խօսելով եկեղեցական կոչումներու մասին, Նորին Սրբութիւնը ըսաւ. ''Անհրաժեշտ է լուրջ կազմաւորում տալ քահանայութեան պատրաստուողներուն։ Կ'ողջունեմ աւագ նորընծայարանի բացումը, նուիրուած` ''Պենետիկտոս ԺԶ'' Քահանայապետին։ Ասիկա ապագայի համար յուսադրիչ դէպք մըն է։ Քահանայութեան պատրաստութիւնը պէտք է կատարուի լրջութեամբ եւ նպաստէ քահանայական թեկնածուներու մտաւորական ու հոգեւոր աճումին''։
ֆրանչիսկոս Քահանայապետը իր խօսքը եզրափակեց Աստուածամօր հովանիին յանձնելով Կինուէի եպիսկոպոսական դասը, կղերը, կրօնուսոյցները ու հաւատացեալները եւ սրտանց բոլորին շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.