2014-03-24 13:09:35

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հեռագիրը Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարք Զաքքա Ա ի մահուան ի լուր։


Կիրակի, 23 մարտին, ի լուր Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ երբեմնի Պատրիարք` Իգնատիոս Զաքքա Ա մահուան, Ֆրանչիկսոս Սրբազան Քահանայապետը հեռագիր մը ուղղեց Ասորի Ուղղախառ եկեղեցւոյ եւ ննջեցեալին ընտանեկան պարագաներուն։
Իր հեռագիրին մէջ, Քահանայապետը, Իգնատիոս Զաքքա Ա Պատրիարքը որակեց ''առաջնորդ մը որ արտասաւոր հոգեւորականութեամբ առաջնորդեց իր ժողովուրդը՝ իմաստութեամբ եւ քաջութեամբ, ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ''։ Հեռագիրին մէջ ընդգծուած է նաեւ, թէ Իգնատիոս Զաքքա Ա Պատրիարքը եղած է խաղաղութեան եւ երկխօսութեան մարդ մը, ամէն կրօնի պատկանող հաւատացեալներուն հետ։ Ֆրանչիսկոս Պապը, նշած է նաեւ թէ Զաքքա Պատրիարքը, մասնակցած է որպէս դիտորդ՝ Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովին՝ սատարելով Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ միութեան։
Նշենք, թէ Իգնատիոս Զաքքա Ա. ծնած էր Մոսուլ` 21 ապրիլ 1923 թուականին եւ 1980 էն ի վեր եղած է Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ 140-րդ Պատրիարք։ Ան իր մահկանացուն կնքեց ուրբաթ 21մարտի առաւօտեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.