2014-03-24 13:05:35

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 24 մարտի թուիթն ու քարոզը։


Երկուշաբթի, 24 մարտին հրատարակած թուիթին մէջ, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը դարձեալ շեշտը դրաւ Աստուծոյ` մեղաւորին հանդէպ ունեցած ողորմութեան վրայ։
Ան կը գրեց` ''Յիսուս հեռու չէ մեզմէ մեղաւորներէս։ Ան կը ցանկայ մեր վրայ հեղուլ իր ամբողջ ողորմութիւնը, անսահմանօրէն''։

Իսկ առաւօտեան, Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը խօսքը կեդրոնացուց հեզութեան վրայ։
''Աստուծոյ պատուիրանները պահելու մեր ապահովութիւնը չէ որ մեզ կը փրկէ, այլ Աստուծմէ բուժուելու կարիքը ունենալու մեր հեզութիւնը'', ըսաւ Սրբազան Հայրը ընդգծելով թէ Քրիստոնիայի հեզութիւնը կը կայանայ ինքզինք որպէս մեղաւոր ընդունելուն մէջ եւ ճշմարտութիւնը արտայայտելուն մէջ, ըսելով թէ ''Տէրն է մեր փրկիչը''։
''Խնդրենք շնորհքը ըլլալու հեզ ու խոնարհ, ընդունելու համար Աստուծոյ փրկութիւնը'' ըսաւ Քահանայապետը իր քարոզին աւարտին։








All the contents on this site are copyrighted ©.