2014-03-24 09:56:17

Կիրակնօրեայ խօսքը. մեր ուրախութենէն չզրկե՛նք երկնաւոր Հայրը…


Սիրելի՛ ընթերցող, քառասնորդացի երրորդ կիրակին ունի այս մակագրութիւնը` «Անառակին», որուն պատմութիւնը կը գտնենք միայն Ս. Ղուկասի քով (Ղկ. 15,11-24):
Նախ` շատ կը խնդրեմ, որ բանաս Աստուածաշունչդ ու կարդաս «Անառակ որդին» վերնագրուած այս հատուածը` ուշադրութիւնդ դարձնելով ամէն մէկ բառին վրայ:
Երկրորդ` խոստովանութիւն մը կատարեմ: Ահա, արդէն քառասուն տարիներ եւ աւելի, որ ամէն տարի նուազագոյն մէկ անգամ կը կարդամ կեանքէն առնուած այս առակային դրուագը, որուն մասին թերեւս քառասուն անգամ խօսած ու գրած եմ:
Եւ սակայն, թէ՛ ամէն տարի եւ թէ՛ ամէն անգամ կը գտնեմ նորութիւն մը: Նոյնիսկ այսօր, Ս. պատարագին, Աւետարանին ընթերցումին ատեն անդրադարձայ նորայայտ նշանակութիւններու, հակառակ որ քարոզս արդէն գրած էի քանի մը ժամ առաջ:
Իսկապէս որ Աստուծոյ Խօսքը ոչ միայն անդնդախոր է, անչափելի է, անվերջանալի է եւ անսպառելի է, այլ նաեւ միշտ լեցուն է թաքուն ճշմարտութիւններով, լուսաբաշխ իմաստութիւններով ու աստուածայայտ անակնկալներով: Անոնցմէ, այս տարուան եւ այս անգամին համար, առնե՛նք քանի մը նորութիւններ:
«Կրտսեր որդին»` առակին անբարոյ, անկարգ ու ցոփակեաց «հերոսը» չակերտեալ, իր հօրմէն հեռանալով, երբ «անառակ կեանքով վատնեց իր ամբողջ հարստութիւնը», «սովամահի» մատնուեցաւ այնքան, որ նոյնիսկ կը ցանկար «ստամոքսը լեցնել» իր արածած խոզերուն կերակուրէն, բայց չտրուեցաւ անոր…
Հոգիին, մարմնին, մտքին ու ստամոքսին անտանելի չքաւորութեան ողբերգութիւնը ունեցաւ հինգ հետեւանքներ, որոնք կու տամ հոս:
Առաջին` անդրադարձումը իր վիճակին:
Երկրորդ` կարօտացաւը իր հօրենականին:
Երրորդ` ախտաճանաչումը իր մեղաւորութեան:
Չորրորդ` առաջադրանքը իր ներքին եւ արտաքին դարձին:
Հինգերորդ` որոշումը իր հոգեկան ու ֆիզիքական վերադարձին:
Արդ, մենք մեզի հանդէպ անկե՛ղծ, արդա՛ր եւ քա՛ջ ըլլանք` «կրտսեր որդիին» այս հինգ հոգեվիճակներուն դիմաց հարցադրելով մեր անձերը:
Ի տես ներկայ մեր մեղանչական ապրելակերպին` ունի՞նք իրապաշտ անդրադարձումը, որ առաջին քայլն է մեր զղջումին եւ լուսաւորումին:
Ունի՞նք ցաւը մեր բազմաթիւ մեղքերուն համար` առօրեային մէջ, նոյնպէս ալ ունի՞նք կարօտն Երկնաւոր Հօր` մեր սրտին ու մեր մտքին անմեղութեամբ, մեր մարմնին եւ լեզուին մաքրութեամբ…
Եթէ չունինք (եւ չունի՛նք դժբախտաբար, որուն բացայայտ ապացոյցն է մեր աստուածահեռու, եկեղեցամոռ եւ անեղբայրասէր կենցաղը), ապա, ուրեմն, չենք ունենար առաջադրանքն ու միտքը զղջումին եւ դարձին:
Եթէ չունինք (եւ չունի՛նք դժբախտաբար, որուն ակնբախ փաստն է մեր եսակեդրոն, ինքնահաւան եւ չարախօս վարքն ու բարքը), ապա, ուրեմն, չենք ունենար յօժարութիւնն ու կամքը վերադարձին եւ ապաշխարութեան…
Իսկ «կրտսեր որդին», որ ունեցաւ անդրադարձումը, կարօտացաւը, ինքնաճանաչումը, առաջադրանքն ու պատրաստակամութիւնը, արժանացաւ իր հօր ընդունելութեան, սիրոյն, խանդաղատանքին եւ ցնծութեան:
Ինծի` տրուպիս այդպէս կը թուի, որ չունենալով այս հինգ բարեմասնութիւնները, ոչ միայն արժանի չենք ըլլար «կրտսեր որդիին» վերագտած երանութեան ու պատիւին, այլ նաեւ մենք կը զրկենք մեր երկնաւոր Հայրը` մեզ ընդունելէն, մեզ սիրելէն, մեզի խանդաղատելէն, մեզ պատուելէն եւ մեզի ուրախակից դառնալէն:
Աստուածային Իմաստունին` Քրիստոսի այս առակը իրաւացիօրէն կը նկատուի «աշխարհի ամէնէն գեղեցիկ պատմութիւնը»: Այսօր մեզի կը թելադրէ հաւատքը Տիրոջ սիրոյն ու վստահութիւնն Աստուծոյ շնորհքին, եւ այն` անհրաժեշտ մէկ պայմանով, որ դառնանք խոնարհ ու մնանք խոնարհամիտ` միշտ անձնաճանաչ ըլլալու համար Յիսուսի ներկայութեան:
Ա՛յս աւետարանական խոնարհութիւնն ունէր եւ խոնարհամտութեամբ օժտուած էր Ս. Գրիգոր Նարեկացի` հոգիի, մտքի ու տառի տիտանը հայազարմ, որ ինքնաճանաչումի, ինքնամտրակումի, ինքնակոծումի եւ ինքնայղկումի բազմահազար տողերով ոչ միայն ընդունեցաւ իր մեղաւորութիւնը, լացաւ իր մեղքերն ու գիտակցեցաւ իր մեղանչականութեան, այլ նաեւ հանդիսացաւ հեզ ու համեստ հեղինակը միջազգային գրականութեան գլուխգործոցներէն մէկուն` «Մատեան ողբերգութեան – Նարեկ»-ին:
«Բարեխօսէ՛, խնդրէ՛, աղաչէ՛,
Որովհետեւ անճառելի մաքրութեանդ համար`
Կը հաւատամ (միջնորդող) խօսքիդ ընդունելութեան:
Արցունքով օգնէ՛ վտանգուածիս, Գովեա՜լդ կիներուն մէջ,
Ծունկի եկո՛ւր հաշտութեանս համար, Ծնո՜ղդ Աստուծոյ,
Թշուառիս հոգատար եղի՛ր, Խորա՜ն Բարձրեալին,
Ձեռք տո՛ւր ինկածիս, Տաճա՜ր երկնային:
Փառաւորէ՛ Քու Որդիդ Քու մէջդ (Քեզմով),
Որ աստուածօրէն հրաշագործէ ինծի համար քաւութիւն եւ ողորմութիւն,
Աղախի՛ն Աստուծոյ եւ Մա՜յր:
Բարձրանա՜յ Քու պատիւդ ինձմով,
Եւ ապահովուի՜ իմ փրկութիւնս Քեզմով» (Բան Ձ):
Նարեկավանքին սրբակեաց Հսկողին մարեմասէր սրտով հայցե՛նք. «Մարիամ, Ապաստան մեղաւորացս, աղօթեա՛ վասն մեր»:
Այնճար, 16 մարտ 2014







All the contents on this site are copyrighted ©.