2014-03-24 09:47:26

Թրքական ուժերը վար առին Սուրիական օդանաւ մը.


Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւր մը յայտարարեց, որ անցնող ուրբաթ եւ շաբաթ օրերուն ընթացքին թրքական կառավարութիւնը սահմանային Քեսապի շրջանին մէջ աննախադէպ զինուորական յարձակում իրականացուցած է Սուրիոյ հողային ամբողջականութիւնը հարուածելով` նշելով, որ այս յարձակումը կատարուեցաւ հրետանային ռմբակոծութեամբ` թրքական հողատարածքներէն դէպի սուրիական տարածք զինեալ խմբաւորումներուն մուտքը ապահովելու համար:
Նշենք, որ ընդդիմադիր կողմը յարձակման գործողութիւնը անուանած է «Անֆալի ճակատամարտ», որուն վերջնական թիրախը Լաթաքիան կը նկատէ: Պաշտօնական տուեալները կը հաղորդեն, որ շաբաթ օր սուրիական բանակի ուժերու միաւորներ մեծ հարուած հասցուցած են սահմանէն ներթափանցած զինեալ խմբաւորումներուն: Տարբեր աղբիւրներ կը նշեն, որ բախումներու հետեւանքով կիրակի օր զինեալները մտած են Քեսապ եւ շրջակայ գիւղերը` հասնելով մինչեւ Էքիզոլուխ:
Նշենք որ շաբաթ օրուան երկրորդ կիսուն բնակիչները լքեցին Քեսապն ու գիւղերը, սակայն մօտ 30 տարեցներ տակաւին կը մնան այնտեղ: Քեսապէն Լաթաքիա ապաստան գտած ցանկագրուած հայ ընտանիքները կը հաշուեն մօտ 500 ընտանիք եւ կը ստանան համապատասխան օգնութիւն` Կարմիր մահիկի, Լաթաքիոյ եւ Քեսապի Շտապ օգնութեան մարմիններուն եւ միութիւններուն համադրուած աշխատանքին իբրեւ արդիւնք:
Սուրիական բանակի միաւորները ազգային ինքնապաշտպանական ջոկատներուն աջակցութեամբ Քեսապի եւ այլ արուարձաններու շրջաններուն մէջ կը պաշարեն ընդդիմադիր զինեալները: Բուռն բախումները կը շարունակուին, ուր մարտերը կ՛ընթանան յարձակում-նահանջ գործողութիւններ իրականացնելով եւ երկու կողմերէն ալ կորուստներ պատճառելով:
Թրքական հակաօդային ուժերը երէկ վար առին սուրիական ռմբաձիգ մը, որ կը հարուածէր Քեսապի շրջանին մէջ ընդդիմադիր զինեալներու դիրքերը: Սուրիական բանակը հակադարձեց ռմբակոծելով Ելտաղըի մէջ զինեալներու կեդրոնները: Ըստ թրքական կողմին, սուրիական օդանաւը Թուրքիոյ օդային տարածքը բռնաբարած էր: Թուրքիա զգուշացուց Սուրիան, որ բուռն կերպով պիտի հակադարձէ, եթէ իր օդային տարածքը բռնաբարուի:
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան շնորհաւորեց թրքական օդուժը սուրիական ռմբաձիգը վար առնելուն համար` նշելով. «Այսուհետեւ Թուրքիոյ հակադարձութիւնը բուռն պիտի ըլլայ»: Ան ըսաւ. «Էֆ-16» տիպի մեր օդանաւերը վար առին սուրիական օդանաւ մը, որ թրքական օդային տարածքը խզեց»:
Թուրքիոյ նախագահ Ապտիւլլա Կիւլ իր կարգին այս առիթով շնորհաւորեց Թուրքիոյ բանակի սպայակոյտի պետը` նշելով. «Այս քայլը իր սահմանները պաշտպանելու Թուրքիոյ վճռակամութիւնը ցոյց կու տայ»:
Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտնեց, որ թրքական հակաօդային պաշտպանութեան ուժերը կրակած են օդանաւին ուղղութեամբ ճիշդ այն պահուն, երբ մտադիր էր յարձակում գործել Լաթաքիոյ նահանգին մէջ ընդդիմադիր զինեալներու դէմ: Նախարարութիւնը տեղի ունեցածը «նախայարձակումի անթաքոյց դրսեւորում» նկատեց:
Մինչ այդ, «Մայատին» հաղորդեց, որ Քեսապի մէջ բախումները շարունակուած են: Սուրիական բանակը հակայարձակում մը գործած է սահմանային Նապահ Միր շրջանին դէմ: Սպաննուած են շարք մը ընդդիմադիր զինեալներ, որոնց շարքին Ժապհաթ Նուսրայէն Ապտելմուհսեն Շարեխ, որ ծանօթ է «Ուասիքուլլահ» անունով, ինչպէս նաեւ Օմար Մուխթար ջոկատի ղեկավար Մոհամետ Քաֆի:
Թրքական «Սոլհապեր» օրաթերթը հաղորդեց, որ Քեսապի դէմ յարձակում գործած «ահաբեկչական խմբաւորումները» իրենց յարձակումը շղթայազերծած են Թուրքիայէն:
Թրքական «Կրանտ Աֆերզ» օրաթերթը նշեց, որ զինեալները թրքական օդային պաշտպանութիւն կը ստանան` աւելցնելով, որ «Թուրքիա եւ Քաթար քաղաքական իրենց դիրքը փոխելէ առաջ վերջին պատգամները կ՛ուզեն փոխանցել»:
Թրքական «Կրանտ Սթրաթեճի» թերթը իր կարգին կը նշէ, որ հիւսիսային Սուրիոյ դէմ յարձակումին նպատակը Եապրուտի, Քալամունի եւ Քալաաթ Հոսնի մէջ իր արձանագրած յաջողութիւններէն ետք սուրիական բանակին թափը կտրելն է:







All the contents on this site are copyrighted ©.