ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Ուքրանիա Քիեւ կանչած է Հայաստանի մօտ իր դեսպան Իւան Կուխտան՝ խորհրդակցութիւններու
համար: Միւս կողմէ, Հայաստանի Ուքրանիոյ մօտ դեսպան Անդրանիկ Մանուկեան հրաւիրուած
է Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւն, ուր բացատրութիւն պահանջող գրութիւն մը յանձնած
են անոր : Այս մասին «Նիուզ»ին յայտնած է արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ քարտուղար
Տիգրան Բալայեան: Ուքրանական լրատուամիջոցներու տեղեկութիւններով՝ ուքրանական կողմը
դեսպանին յայտնած է իր անհանգստութիւնը: «Մենք դիմած ենք Հայաստանին, որպէսզի վերջինս
պաշտօնապէս ու հրապարակաւ յայտարարէ, որ չ՛ընդունիր Խրիմի բռնակցումը: Հակառակ դիրքորոշում
արտայայտելը բացասական հետեւանքներ պիտի ունենայ մեր երկկողմանի յարաբերութիւններուն
վրայ», յայտարարած էր արտաքին գործոց փոխնախարար Տանիլա Լուպքիւսքին: 21 Մարտին տուած
մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Տանիլա Լուպքիւսքի յայտարարած է, որ Հայաստանի կողմէ Խրիմի
բռնակցումը ճանաչումը բացասական հետեւանքներ պիտի ունենայ հայ-ուքրանական յարաբերութիւններուն
վրայ: «Ուքրանիոյ մօտ Հայաստանի դեսպանը երկու անգամ կանչած են Ուքրանիոյ արտաքին գործոց
նախարարութիւն: Մենք անոր փոխանցեցինք մեր անհանգստութիւնը, Հայաստանի մէջ մեր դեսպանատունը
համապատասխան յանձնարարութիւն ստացած է: Այսօր հայկական կողմին «նոթա» մը յանձնուած է,
ուր մենք դիմեցինք Հայաստանի պաշտօնական դիրքորոշման վերաբերեալ պարզաբանումներ ստանալու
համար: Մենք դիմած ենք Հայաստանին, որպէսզի ան պաշտօնապէս եւ հրապարակաւ յայտնէ, որ չի
ճանչնար Խրիմի բռնակցումը: Դիրքորոշման իրականացման կամ բարձրաձայնման պարագային, որ
մենք կրնանք նկատել ոչ բարեկամական, ատիկա բացասական հետեւանքներ պիտի ունենայ մեր երկկողմանի
յարաբերութիւններուն վրայ», նշած է փոխնախարարը։ Նախօրէին ուքրանական «Սուոպոտա» կուսակցութեան
առաջնորդ Օլեկ Տեակնիպոք Գերագոյն ռատայի ամպիոնէն կոչ ուղղած է տուն կանչելու ուքրանական
դեսպանները այն երկիրներէն, որոնք Խրիմը նկատած են Ռուսիոյ մէկ մասը: Խօսքը յատկապէս
կը վերաբերէր Հայաստանի եւ Խրխզստանի մօտ ուքրանացի դեսպաններուն։