2014-03-22 10:33:29

Մաֆիայի զոհերու ընտանեկան պարագաներուն հետ հանդիպելով Ֆրանչիսկոս Պապը հրաւիրեց մաֆիայի մարդիկը դարձի գալու։


ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, ուրբաթ, 21 մարտ 2014-ի երեկոյեան, հանդիպում ունեցաւ մաֆիայի զոհերու աւելի քան 700 ազգականներուն հետ, ս. Գրիգոր 7-րդ Քահանայապետի անուան եկեղեցւոյ մէջ, Լիպերա կոչուած ընկերակցութեան կազմակերպած աղօթքի հսկումին ընթացքին։ Յայտնենք որ ''Լիպերա'' կոչուած ընկերակցութիւնը հիմնուած է 1996-ին, հայր Լուիճի Չիոթթիի կողմէ, ոգեկոչելու մաֆիայի անմեղ զոհերուն յիշատակը։ Ամէն տարի Իտալիոյ մէջ, 21 մարտը` գարնան առաջին օրը, նուիրուած է մաֆիայի զոհերու յիշատակին։ Հանդիպումը առիթ տուաւ խստիւ դատապարտելու կազմակերպուած ոճիրները եւ աղօթքի հսկումի արարողութեան ընթացքին յիշուեցան մի առ մի, 840 անմեղ զոհերու անունները։

Այս առթիւ արտասանած իր խօսքին մէջ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ըսաւ. ''Սիրեցեալ եղբայրներ ու քոյրեր, շնորհակալ եմ Հռոմ կատարած ձեր հանգրուանին համար, ինծի կարելիութիւն տալով ձեզի հետ հանդիպելու ու բաժնելու յոյսը որ ձեր մէջ կը բնակի։ Պատասխանատուութեան ոգին հետզհետէ կը յաղթահարէ ապականութիւնը, աշխարհի բոլոր վայրերուն մէջ։ Այս զգացումը պէտք է ներսէն` խղճմտանքէն բխի դարմանելու կեցուածքները, յարաբերութիւնները, ընկերութիւնը եւ այսպէսով` անիրաւութեան տեղ, արդարութիւնը հաստատուի, տարածուի ու արմատանայ։
Գիտեմ որ ձեր յոյսը մեծ է, կ'ուզեմ ձեզի հետ բաժնել զայն։ Ձեր այս ուղեւորութիւնը կը պահանջէ յարատեւութիւն եւ տոկունութիւն։ Յատկապէս կ'ուզեմ յայտնել իմ զօրակցութիւնս բոլոր անոնց որոնք կորսնցուցին իրենց մէկ սիրելին, զոհ մաֆիայի։ Շնորհակալ եմ ձեր այս վկայութեան։ Դուք քաջութիւնը ունեցաք պատմելու վիշտի եւ յոյսի ձեր պատմութիւնը։ Ասիկա շատ կարեւոր է, յատկապէս նոր սերունդին համար։
Միասնաբար աղօթենք որպէսզի արիութեամբ յառաջ երթանք եւ առանց վհատելու պայքար շարունակենք ապականութեան դէմ – ըսաւ Սրբազան Հայրը ու ապա բացագանչեց ''չեմ կրնար խօսքս չուղղել ռահվիրան մեծ բացականերուն` մաֆիայի այրերուն ու կիներուն. ձեզմէ կը խնդրեմ. հաճեցէք, ձեր ընթացքը փոխել, դարձի եկէք, դադրեցուցէք չարագործութիւնը, մենք ձեզի համար կ'աղօթենք։ Ծնրաչոք ձեզմէ կը խնդրեմ, դարձի եկէք, ձեր բարիքին համար։ Կեանքը որ ներկայիս կ'ապրիք ձեզի գոհացում չի կրնար տալ, ուրախութիւն չի պատճառեր, երջանկութիւն չի տար։ Իշխանութիւնը, դրամը որուն տէր դարձած էք ապօրինի կերպով, ոճրագործութեան միջոցաւ, արիւնռուշտ դրամ է, արիւնռուշտ իշխանութիւն է, կարող չէք զայն անդիականութիւն տանիլ։ Դարձի եկէք, տակաւին, ժամանակ ունիք, որպէսզի դժոխք չվերջանաք։ Դուք ունեցած էք հայր մը, մայր մը. անոնց մտածեցէք, ողբացէք եւ դարձի եկէք''։
Սրբազան Հայրը ապա բոլոր ներկաները հրաւիրեց աղօթելու ''Ողջոյն քեզ Մարիամ'' աղօթքը հայցելով Տիրամօր հովանին եւ նախքան իր առաքելական օրհնութիւնը տալէ ներկաներուն, իր ուսերուն վրայ դրաւ մաֆիայի զոհ Տէր Ճուզեփփէ Տիանայի պատկանող ուրարը։








All the contents on this site are copyrighted ©.