2014-03-22 09:44:39

Դ. Կիրակի Քառասնորդաց
Ղուկ 16, 1-13


RealAudioMP3 Սովորաբար, խոստովանուած է որ անիրաւ տնտեսին առակը մարդուս միտքը շփոթեցնող եւ դժուար բացատրելի առակ մըն է: Հետեւաբար, եթէ առակին մէջ տենենք թէ ինչպէս Յիսուս համեմատական ու բաղդատական մը կը կատարէ Աստուծոյ մարդուն եւ աշխարհի մարդուն միջեւ, եւ անոնց գործելակերպին միջեւ, այդ պարագային պարզ կը դառնայ առակին մեկնաբանութիւնը:
Յիսուս այս առակը կը խօսի բազմութեան մը դիմաց, որուն մէջ խառն կերպով կային երեք խումբեր` մաքսաւորներ եւ մեղաւորներ, փարիսեցիներ եւ դպիրներ, առաքեալներ եւ հետեւորդներ: Իւրաքանչիւր առակ որքան ալ բոլորին դիմաց խօսուէր, բայց մասնաւորաբար կ՛ուղղուէր մէկ կամ միւս խումբին: Ան նախ երեք առակներ կը խօսի մեղաւորներու մասին, ուղղուած` Փարիսեցիներուն եւ դպիրներուն. կորսուած ոչխարհին առակը, կորսուած դրամին գտնուիլը եւ անառակ որդիին դարձը, որոնց մէջ զԱստուած կը ներկայացնէ որպէս մեղաւոր մարդը փնտրող եւ անոր դարձին սպասող բարեգութ հայր մը: Իսկ այսօր` իր աշակերտներուն Տնտեսի առակը կը պատմէ:
Յստակ է որ հարուստ մարդու պատկերով Յիսուս կը խօսի մեր երկնաւոր Հօր Աստուծոյ մասին: Բայց անշուշտ Աստուծոյ հարստութիւնը նիւթական չէ: Աստուած հարուստ է իր սիրով, իր քաղցրութեամբ եւ իր ներողամտութեամբ: Աշխարհի վրայ շատ մեծահարուստներ կան, բայց ամենէն մեծահարուստը Աստուած ինքն է, որովհետեւ ան տէրն է համայն տիեզերքին, համայն մարդկութեան: Աստուած ոչ միայն մեծահարուստ է, այլեւ` մեծ հարստութիւնն իսկ: Աստուծոյ մեծագոյն հարստութիւնը` իր փրկութիւնն է: Ոեւէ մարդ որ կ՛ընդունի Յիսուսի փրկութիւնը` կը դառնայ տնտեսը այդ փրկութեան: Հետեւաբար, տնտես կը կոչուին անոնք որոնք Քրիստոսի եկեղեցիին մէջ յատուկ պարտականութիւն կը ստանձնեն: Անոնք են որ Աստուծոյ սէրն ու շնորհքը կը քարոզեն ու կը պարգեւեն աշխարհին:
Աստուած երբ պարգեւներ ու շնորհքներ տայ մարդու մը` կը հետապնդէ անոնց օգտագործումն ու գործածութիւնը անոր կողմէ: Յիսուսի սորվեցուցածը այն է, որ օրինակ առնենք տնտեսէն եւ ճարպիկ ըլլանք ու գիտնանք մենք զմեզ նեղ պահերէն դուրս բերել: Քրիստոս չ՛ուզէր որ տնտեսին նման անիրաւ ըլլանք, բայց վստահաբար կ՛ուզէ որ տնտեսին նման իմաստուն եւ հնարամիտ ըլլանք: Երբ սիրել կրնանք ու չենք սիրեր` անիրաւ ենք, երբ ներել կրնանք ու չենք ներեր` անիրաւ ենք: Երբ օգներ կրնանք ու չենք օգներ` անիրաւ ենք: Երբ մարդիկը Յիսուսի բերել կրնանք ու չենք բերեր` անիրաւ ենք:
Աշխարհի մարդիկը հազար ու մէկ միջոց կը դիմեն իրենք զիրենք իրագործելու, եւ հանգստաւէտ կեանքի տիրանալու: Քրիստոնեայ մարդը նաեւ ամէն միջոցի պէտք է դիմէ, եւ իր ամէն կարելին ընէ հասնելու համար յաւերժական հանգիստին, յաւիտենականութեան: Մեր ձեռքը եղած հարստութիւնը, ձիրքերն, առիթները, պարգեւներն ու շնորհքները գործածենք այնպիսի ձեւով մը, որ Աստուծոյ բարեկամութիւնը շահինք:
Հին թարգմանութեան մէջ դրամը կոչուած է «անիրաւ մամոնայ»: «Անիրաւ մամոնայէն ձեզի բարեկամներ ըրէք» խօսքով, Յիսուս ըսել չ՛ուզեր թէ անիրաւ մամոնան (դրամը) մեզի բարեկամ ընենք: Ինչո՞ւ: Դրամը ինքնին անիրաւ բան չէ, բայց անիրաւ կը սեպուի երբ անիրաւ միջոցներով ձեռք կը բերուի: Դրամը անէծք է երբ դրամասէր մարդու մը ափին մէջն է, եւ օրհնութիւն երբ մարդասէր եւ եղբայրասէր մարդու մը ափին մէջն է: Դրամը «անիրաւ» է երբ մարդիկ զայն օգտագործեն իրենց իշխանութեան սահմանները ընդարձակելու համար, եւ երկնային պարգեւ է երբ մարդիկ զայն օգտագործեն Աստուծոյ թագաւորութիւնը տարածելու համար: Դրամը ապահովութեան զգացում կու տայ իր տիրոջ, բայց երբ լուրջ վտանգ մը ներկայանայ կը լքէ իր տէրը: Դրամը «անիրաւ » է որովհետեւ միշտ յուսախաբ կ՛ընէ իրեն յուսացողները: «Անիրաւ» է, որովհետեւ մինչեւ գերեզման կը հասցնէ եւ հոն կը լքէ. գերեզմանէն անդին չ՛անցնիր եւ անցելու զօրութիւն ալ չունի:
Քրիստոսի պատգամը հետեւեալն է: Եղի՛ր լաւ տնտես Աստուծոյ: Աստուծոյ կողմէ քեզի տրուածը` Աստուծոյ փառքին համար գործածէ: Երկինքէն տրուածը մի՛ սիրեր երկինքէն աւելի: Եղի՛ր իշխող աշխարհին վրայ եւ ո՛չ թէ իշխուած աշխարհին կողմէ: Եղի՛ր տէրը ունեցածիդ եւ ո՛չ թէ ստրուկը անոր: Ամէն:







All the contents on this site are copyrighted ©.