2014-03-22 14:18:21

Անչափահասներու պաշտպանութեան քահանայապետական յանձնախումբի ստեղծում։


Անցեալ 5 դեկտեմբեր 2013-ին յայտարարուած ''Անչափահասներու պաշտպանութեան քահանայապետական յանձնախումբը'', ստեղծուեցաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի կամքով։
Յանձնախումբին անդամներն են, Քաթրին Պոնէ` ֆրանսայէն, Մարի Քոլլինզ` Իրլանտայէն, Շէյլա Հոլլինզ` մեծն Պրիտանիայէն, Կարտինալ Սին Փաթրիք Օ Մալլէյ` Միացեալ Նահանգներէն, Քլաուտիօ Բաբալէ` Իտալիայէն, Հաննա Սուչոքա` Լեհաստանէն, Հայր Ումպերթօ Միկել Եանէզ` Արժանթինէն եւ հայր Հանզ Զոլլնէր` Գերմանիայէն։
Վերոյիշեալ անդամներուն պարտականութիւնն է սերտել յանձնախումբի սահմանադրութիւնը։ Յառաջիկային յանձնախումբին մաս պիտի կազմեն այլ անդամներ աշխարհի զանազան վայրերէն։
Նոր յանձնախումբի մասին արտայայտուելով Վատիկանի բանբեր` Հայր Ֆետերիքօ Լոմպարտին յայտնեց թէ ըլլայ Յովհաննէս Պօղոս Բ, ըլլայ Պենետիկտոս ԺԶ քահանայապետները, միշտ յանձնառու եղած են մանուկներու պաշտպանութեան հարցով եւ Ֆրանչիսկոս Պապը, Կարտինալներուն հետ խորհրդակցելէ ետք, որոշած է ստեղծել սոյն յանձնախումբը, նկատի ունենալով թէ Եկեղեցւոյ առաջնահերթ մտահոգութիւններէն մին է անչափահասներու պաշտպանութիւնը եւ այս ուղղութեամբ է որ յանձնախումբի անդամ անուանած է, զանազան երկիրներէ այս հարցով զբաղող հեղինակաւոր մասնագէտներ։







All the contents on this site are copyrighted ©.