Սուրիոյ բանակը իր վերահսկողութեան տակ առաւ Հոսնի բերդը
Սուրիոյ կանոնաւոր բանակը իր վերահսկողութեան տակ առաւ Հոմսի արեւմուտքը գտնուող Հոսնի
բերդը, այդպիսով վերջ տալով շրջանին վրայ զինեալ ընդդիմութեան երկամեայ վերահսկողութեան: Ըստ
«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանին, այդ դիրքէն հեռացած զինեալներուն մեծամասնութիւնը
Ժունտ Շամի անդամ լիբանանցիներ են: Սուրիական բանակը ձերբակալեց շարք մը զինեալներ:
Վայրին մէջ գտնուող զինեալներ, ներառեալ` վիրաւորներ յաջողեցան փախուստ տալ եւ մուտք
գործել Լիբանանի Ուատի Խալետ շրջանը, իսկ ուրիշներ ինկան սուրիական բանակին լարած թակարդներուն
մէջ: Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, սպաննուած են 40 զինեալներ, որոնց շարքին Ժունտ Շամի
ամիրը` Ապու Սուլէյման Տանտաշի, որ լիբանանցի մըն է: Զինուորական աղբիւրներ «Մայատին»-ին
յայտնած են, որ միայն Հոսն գիւղին մէջ 250-300 զինեալներ կային: Հոսնի բերդը զինեալ
ընդդիմութեան Հոմսի արուարձաններուն արեւմուտքը գտնուող վերջին դիրքն էր եւ կը վերահսկէր
Ուատի Նասարայի ու Հոմսի մէջ գտնուող լայն տարածքներու