2014-03-21 14:40:06

Յարձակում Քէսապի Վրայ


Թուրքիոյ կողմէ երեք սահմանային կէտերէ յարձակում գործուած է Քէսապի վրայ։ Այս մասին կը յայտնէ Almayadeen-ը։Յարձակումը սկսած է այսօր առաւօտեան ժամը 5:00-ին, բնակիչները լեռ բարձրացած են վտանգէն հեռու մնալու համար, մէկ մասը տեղափոխուած է Լաթաքիա։ Պասիթի մօտ երկու հրթիռ իյնկած է։
Սուրիական զօրքը այժմ կը պաշտպանէ աւանը ետ մղելով ընդդիմադիրները։
Բախումներու հետեւանքով զոհեր կան, անոնց մէջ հայեր չկան։
Սուրիական օդուժը կը հարուածէ ընդիմադիր խմբաւորումներու հաւաքատեղիները։
Քէսապի մէջ մարտերը կը շարունակուին։
Սուրիական զօրքը Պասիթի Ճանապարհը փակած է յանուն բնակչութեան ապահովութեան։
Քէսապի վրայ յարձակումները յանձն առած են Ալ Նասրա եւ Ալ Իսլամիէ ճակատները։
Քէսապի մէջ մարտերը կը շարունակուին, աւանի մէջ գրեթէ բնակիչներ չեն մնացած, բանակայինները կը փորձեն տարհանել մանացածները եւ հասցնել ապահով վայր։ Սուրիական բանակն ու ընդդիմութիւնը կը շարունակեն իրենց հակամարտութիւնը, բնակիչները միանալով բանակայիններուն ընդդիմութեան բամբուշտներու տարափին տակ կը փորձեն հասնիլ Քէսապի սահմանային անցքը, որ ըստ ոչ ստոյգ տեղեկութիւններու այժմ զինեալներու հսկողութեան տակ է։
Սուրիական բանակը իր հսկողութեան տակ կ’առնէ ընդիմութեան գրաւած որոշ կէտեր։
Յետմիջօրէին, Քէսապի մէջ մարտերը բանակայիններու եւ ընդդիմութեան դէմ կը շարունակուի, սուրիական բանակը կը շարունակէ իր յառաջընթացը, զարկերու տարափ բանալով, մինչ թրքական հողերուն վրայ գտնուող ուժայիններ կը հարուածէ բանակը՝ արգիլելով անոնց յառաջընթացը եւ առիթ ստեղծելով ատհաբեկիչներուն, որ փախուստի դիմեն։
Նախնական տուեալներով կայ 11 զոհ, վիրաւորներու թիւնը առայժմ յստակ չէ։







All the contents on this site are copyrighted ©.