2014-03-21 09:12:08

Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ կը հաստատէ


Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա Խրիմի հարցով ռուս պաշտօնատարներու դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներու հաստատումը յայտարարեց: Ան նաեւ ըսաւ, որ ստորագրած է հրաման մը, որ Միացեալ Նահանգներուն կ’արտօնէ ռուսական տնտեսութեան մարզերուն դէմ պատժամիջոցներ հաստատել:
Օպամա ըսաւ. «Ռուսիա պէտք է գիտնայ, թէ յաւելեալ մագլցումը զայն միջազգային ընտանիքէն աւելի եւս կը մեկուսացնէ»` աւելցնելով, որ իր երկիրը մտահոգութեամբ կը հետեւի Հարաւային եւ Արեւելեան Ուքրանիոյ մէջ տիրող կացութեան:
Սպիտակ տունէն պաշտօնատար մը յայտնեց, որ նոր պատժամիջոցներու թիրախները Խրիմի մէջ շահեր ունեցող 20 ռուս անհատներ են, որոնց շարքին են Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի սերտ շրջանակի անդամներ եւ անձնակազմի ղեկավար Սերկէյ Իվանով: Միացեալ Նահանգներու ելեւմուտքի նախարարութիւնը յայտնեց, որ պատժամիջոցի ենթարկուած ռուսական դրամատունը «Պանք Ռոսսիյա»¬ն է: Ռուսիա յայտարարեց, որ իր կարգին պատժամիջոցներ կը հաստատէ աւագ ծերակուտականներ Հարրի Ռիտի, Ճոն Պայնըրի եւ Ճոն ՄքՔէյնի դէմ:
Օպամա երէկ աւելի կանուխ նշած էր, որ Ռուսիոյ հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները կը շարունակուին: «Մենք մեզ Ուքրանիոյ մէջ զինուորական քայլի մը մէջ պիտի չմտցնենք», նշած էր ան` աւելցնելով. «Մեզի համար անհետացած մալեզիական օդանաւի փնտռտուքը բացարձակ առաջնահերթութիւն մըն է»:
Նշենք, որ Ռուսիոյ խորհրդարանի ստորին պալատը` Տուման երէկ վաւերացուց Խրիմի` Ռուսիոյ միանալու մասին նախագիծը: Խորհրդարանի վերին պալատը` Դաշնակցային խորհուրդը այսօր իր կարգին պիտի քննարկէ նախագիծը:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Տումայի առջեւ իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնեց, որ Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու հաստատումը «ապօրինի» է եւ «միջազգային օրէնքի վրայ չէ հիմնուած»:
Ան ըսաւ, որ Խրիմի կցումը կարեւոր է` պաշտպանելու համար ծագումով ռուսերը «ազգայնականներէ, հակասեմականներէ եւ այլ ծայրայեղականներէ, որոնց վրայ կը յենին (Ուքրանիոյ) նոր իշխանութիւնները»:
Մինչ այդ, Ուքրանիոյ խորհրդարանը որդեգրեց բանաձեւ մը, որ կոչ կ’ուղղէ Խրիմի թերակղզիին ազատագրութեան համար կռուելու:







All the contents on this site are copyrighted ©.