2014-03-21 08:46:34

Անհաւատարմութիւնը


RealAudioMP3 Ամուսնական եւ ընտանեկան կեանքի գլխաւոր ցաւերէն եւ հարցերէն մին է անհաւատարամութիւնը: Անհաւատարամութիւնը հայ ընտանիքի հիմնական եւ գլխաւոր հարցերէն մէկն է, եթէ ոչ ամենացաւալին: Բոլորս ալ կը խօսինք անհաւատարմութեան մասին որպէս սովորական երեւոյթ մը, որ դարձած է շատ մը ընտանիքներու կեանքի մէկ մասը: Մեր հասարակութեան մէջ անհաւատարմութիւնը գլխաւորապէս կը վերագրուի կին արարածին, իսկ այր մարդու անհաւատարմութիւնն ընդհանրապէս նկատուած է իբրեւ բնական երեւոյթ, նոյնիսկ իրաւունք: Այս մտայնութիւնը յատկապէս տարածուած է տղամարդոց շրջանակներուն եւ անարդարացի ձեւով կը պարտադրէ ամբողջ հասարակութիւնը: Այսպէսով հայ հասարակութիւնը ունի երկու չափ եւ երկու կշիռ:
Մեր դիտաւորութիւնը մարդոց դատապարտութիւնը չէ, այլ անոնց ուշադրութիւնը հրաւիրելն է իրենց սխալներուն վրայ, որոնք դարձած են բնականոն կենցաղ մեր հասարակութեան մէջ: Դժբախտաբար, այս սխալներու իրական զոհերը մեր զաւակներն են: Ամհաւատրմութեան մասին խօսելով` սէրէն մղուած կը փնտրենք միջոցներ` վերականգնելու մեր հայ ընտանիքի վսեմութիւնը եւ սրբութիւնը:
Ամուսնութեան թշնամիները կարող ենք համառօտել հետեւեալ կէտերու մէջ, որոնք ընտանիքին կ՛առաջնորդեն բաժանման, ամուսլուծման եւ անհաւատարմութեան:
ա- ստիպողական ամուսնութիւնը` պայմանաւորուած մէկ կամ երկու կողմերով, երբեմն դժբախտ արդիւնքներու կ՛առաջնորդէ: Ընտանեկան հարստութիւններու վրայ հիմնուած կամ պաշտօնական հանգամանքներու ակնկալութեամբ շահագրգռուած ամուսնութիւնները նոյնպէս կարող են սպաննել զոյգերու կեանքի երազներն ու ապագան:
բ- ամուսիններու ծնողներուն անտեղի միջամտութիւնները, որոնք պատճառ են ծնողական անզուսպ սիրոյ, որ կը խանգարեն նորաստեղծ ընտանիքներուն եւ կը պղտօրէն զոյգերու համերաշխութիւնն ու փոխադարձ սէրը:
գ- ամուսիններու ընչաքաղցութիւնը եւ եսասիրութիւնը, որ խորապէս մտահոգիչ պարագայ է: Ընչաքաղցութիւնը հիւանդութիւն է, որ մտահոգիչ կացութիւն կը ստեղծէ զոյգերու եւ անոնց ընտանիքներուն մէջ, քանի որ ընչաքաղց մարդը կը զլանայ իր ամուսնական եւ ծնողական պարտականութիւնները կատարել:
դ- ամուսիններու արտաքին անխոհեմ կապերը, բարեկամական, գործնական կամ ընկերային յարաբերութիւնները, որոնք ամուսիններու միջեւ կը ստեղծեն սառութիւն, հեռաւորութիւն, անտարբերութիւն ու անհետաքրքրութիւն իրար նկատմամբ` մինչեւ անգամ հասցնելով դաւաճանութեան, փախուստի եւ բաժնումի:
ե- անհիմն եւ երեւակայական իտեալները, ինչպէս օրինակ զաւակներու կրթութեան համար ամուսիններու անտեղի վեճերը, յատկապէս խառն ամուսնութիւն է:
Այս հինգ կէտերը կ՛ոտնակոխեն եւ մոռացութեան կը մատնեն ամուսնական զոյգի սրբազնագոյն պահը Աստուծոյ եւ իրար հանդէպ հաւատարմութեան ուխտը Ս. Խորանի դիմաց:







All the contents on this site are copyrighted ©.