2014-03-20 13:09:13

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հանդիպեցաւ Իտալիոյ Թերնի – Նարնի – Ամելիա թեմի հաւատացեալներուն` ''աշխատանքի պակասը կը վիրաւորէ մարդու արժանաւորութիւնը''


Հինգշաբթի, 20 մարտ, առաւօտեան ժամը 10,30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Մոնթենեկրօյի նախագահ` Տիար Ֆլիլիփ Վուեանովիչը, անոր կողակիցը ու անոնց ընկերացող շքխումբը։ Նորին Սրբութիւնը ապա ընդունեց Կարմիր Խաչի միջազգային Կոմիտէի նախագահ` Տիար Փիդէր Մորէրի գլխաւորած մէկ պատուիրակութիւնը հուսկ` Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ, ունկնդրութիւն շնորհեց Իտալիոյ Թերնի – Նարնի – Ամելիա թեմի եօթը հազարէ աւելի հաւատացեալներուն, Թերնիի պողպատի գործարանի հիմնադրութեան 130-րդ տարեդարձին առթիւ։
Անոնց ուղղած իր ճառին մէջ, Ֆրանչիսկոս Պապը, ողջունելով բոլոր ներկաները ու զանոնք առաջնորդող Եպիսկոպոսը գերապայծառ Էրնէսթօ Վէքքին, շնորհաւորեց Թերնիի պողպատաձուլարանի հիմնադրութեան տարեդարձը, իր եւ Եկեղեցւոյ մօտիկութիւնը յայտնելով գործարանի պաշտօնեաներուն, ինչպէս նաեւ շրջանի բոլոր միւս աշխատանքի ընկերութիւններուն, որոնք տնտսեական տագնապէն կը տառապին։
Աշխատանքը – ըսաւ Քահանայապետը – կը հայի ուղղակիօրէն անձին, անոր կեանքին, անոր ազատութեան եւ անոր երջանկութեան։ Աշխատանքի հիմնական արժէքը մարդ արարածի բարիքն է։ Աշխատանքի նպատակը միայն տնտեսական շահոյթը չէ, այլեւ մարդը ու անոր արժանապատուութիւնը։ Երբ աշխատանքը պակսի մարդու արժանաւորութիւնը կը վիրաւորուի որովհետեւ գործէն զրկուողը
ընկերութեան մէջ մեկուսացումի կրնայ ենթարկուիլ։ Այս իրողութիւնը – ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը – հետեւանքն է տնտեսական համակարգի մը որ կարող չէ գործ ստեղծել, որովհետեւ որպէս իր կեդրոն ընտրած է կուռք մը որ դրամ կը կոչուի։ Ասոր համար քաղաքական, ընկերային եւ տնտեսական աշխարհի պատասխանատուները կանչուած են նոր համակարգ մը ստեղծելու որ հիմնուած ըլլայ արդարութեան եւ զօրակցութեան վրայ, բոլորին երաշխաւորելու համար արժանաւոր աշխատանքի կարելիութիւն մը։
Աշխատանքը բոլորին վերապահուած բարիք մըն է որ պէտք է բոլորին երաշխաւորուի – ըսաւ Քահանաապետը ու աւելցուց - այս տագնապալից շրջանը պէտք է դիմագրաւուի զօրակցութեան եւ ստեղծագոծութեան միջոցներով։ Մարտահրաւէր մը որ կը հայի քրիստոնեայ համայն հասարակութեան։ Համայն Եկեղեցին յանձնառու է այս ուղղութեամբ։ Քրիստոնէական հաւատքը որ կարող է լեռներ փոխադրել, կարող է նաեւ ընկերութիւնը հարստացնել շնորհիւ եղբայրութեան արտայայտութեան։
Նորին Սրբութիւնը խօսքը եզրափակեց ներկաները հրաւիրելով` երբեք աւելի լաւ ապագայ մը յուսալու չի դադրելէ։ Եթէ ամէն մէկը, իր պարտականութիւնը կատարէ, մարդը ու անոր արժանաւորութիւնը ընտրելով որպէս կեդրոն, եթէ Աւետարանէն ներշնչուած եղբայրութեան եւ զօրակցութեան վերաբերմունքը ամրապնդուի, կարելի պիտի ըլլայ դուրս գալ այս տնտսական եւ աշխատանքային դժուար կացութեան ճահիճէն – հաստատլց Ֆրանչիսկոս Պապը ու ապա հայցեց Աստուածամօր բարեխօսութիւնը ու ներկաներուն տուաւ իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.