Ուրֆայի պատմական Ամրոցին մէջ Հայերու գերեզմաններ յայտնաբերուեցան։
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Ուրֆա (Եդեսիա) քաղաքի թանգարանի աշխատակիցները քաղաքին պատմական ամրոցին
մէջ պեղումներու ընթացքին քարանձաւ մը յայտնաբերած են: Ըստ թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթին՝
Ուրֆայի քաղաքային թանգարանի հնագէտները այս պեղումներուն ընթացքին յայտնաբերուած քարանձաւին
մէջ հայերու գերեզմաններ յայտնաբերած են: Կը նշուի, որ գերեզմաններուն մօտ գտնուած
են նաեւ թագաւորական գահ, ինչպէս նաեւ Քրիստոսի, Աստուածածնայ եւ այլ սուրբերու սրբապատկերներ: Նշենք,
որ ըստ Մովսէս Խորենացիի, Ուրֆան հիմնած է հայ թագաւոր Աբգարը, որ քրիստոնէութիւնը ընդունած
առաջին թագաւորը կը նկատուի: Աբգար թագաւորը պատկերուած է հայկական 100 հազարնոց դրամանիշին
վրայ: