2014-03-20 09:58:22

Նախագահ Սարգսեան Փութինի հետ Քննարկեց Խրիմի հարցը


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան , հինգշաբթի,20 մարտին, հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ:
Նախագահներ Սերժ Սարգսեան եւ Վլատիմիր Փութին քննարկեցին հայ-ռուսական երկկողմանի համագործակցութեան վերաբերող, ինչպէս նաեւ միջազգային եւ շրջանային օրակարգի շարք մը արդիական հարցեր, անդրադարձան Հայաստանի` Մաքսային միութեան միանալու որոշումէն ետք այդ ուղղութեամբ իրականացուող աշխատանքներու ընթացքին:
Նախագահները միտքեր փոխանակեցին ուքրանական ճգնաժամի եւ անկէ դուրս ելլելու ուղիներուն վերաբերեալ: Այդ ծիրին մէջ զրուցակիցները անդրադարձան Խրիմի հանրաքուէի կայացումէն ետք ստեղծուած իրավիճակին եւ արձանագրեցին, որ ատիկա կը հանդիսանայ ազատ կամքի արտայայտութեան միջոցով ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքի կիրարկման հերթական օրինակը: Միաժամանակ ընդգծուեցաւ միջազգային իրաւունքի չափանիշներուն ու սկզբունքներուն, նախ եւ առաջ ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան, նուիրուածութեան կարեւորութիւնը:
Երկու նախագահները նաեւ քննարկեցին ղարաբաղեան տագնապի լուծման հոլովոյթը եւ այդ ուղղութեամբ ձեռնարկուող քայլերը: Հայաստանի նախագահը բարձր գնահատեց Ռուսիոյ գործունէութիւնը` իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիր եւ ընդգծեց համանախագահներու միացեալ ջանքերուն կարեւորութիւնը` միտուած տագնապի խաղաղ լուծման: Նախագահ Սերժ Սարգսեան վերահաստատեց Հայաստանի պատրաստակամութիւնը շարունակելու տագնապի լուծման ուղղութեամբ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու հետ միացեալ աշխատանքը:







All the contents on this site are copyrighted ©.