2014-03-20 13:54:06

''Մարդ մը որ իր հարստութեան եւ գաղափարախօսութեան վրայ վստահած է դատապարտուած է ապերջանկութեան'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը 20 մարտի քարոզին մէջ։


Հինգշաբթի, 20 մարտի առաւօտեան, Ֆրանչիկոս Սրբազան Քահանայապետը, Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ ըսաւ. ''Անիծեալ ըլլայ այն մարդը որ կը վստահի ինքնիր վրայ, պիտի ըլլայ նման՝ անապատի մէջ տնկուած տունկի մը, որ դապարտուած է մեռնելու՝ ցամաքութեան պատճառաւ''։
Նորին Սրբութիւնը, ապա աւելցուց ''օրհնեալ ըլլայ այն մարդը որ կը վստահի Տիրոջ, որովհետեւ ան կը նմանի ծառի մը որ տնկուած է գետի մը մօտ, ուր ցամաքութեան ժամանակ իսկ կը շարունակէ պտղաբեր ըլլալ''։
Սրբազան Հայրը հաստատեց, թէ միայն Յիսուսին մէջ կը կայանայ
ապահով վստահութիւնը ։ Ուրիշ վստահութիւններուն պէտքը չկայ, որովհետեւ անոնք մեզ չեն փրկեր, մեզի կեանք չեն տար եւ ոչ իսկ ուրախութիւն կ'ընծայեն։

Ֆրանչիկսոս Քահանայապետը , Աւետարանին մէջ՝ հարուստ երիտասարդին օրինակը բերելով ըսաւ. ''Ան ամէն ինչ ունէր , ուրախ էր, անոր բան մը չէր պակսեր, բայց ան անտեսած էր իր տան դռան մօտ գտնուող՝ աղքատը` Ղազարոսը։

Նորին Սրբութիւնը ապա մատնանշեց թէ ամէնքս տկարութիւնն ունինք մեր յոյսերը դնելու մեր կամ մեր բարեկմաներուն վրայ՝ մոռնալով Տէրը։ Ասիկա մեզ կ'առաջնորէ ապերջանկութեան։ Սակայն մարդը՝ երբ անդրադառնայ թէ ամէն իր ունեցածը կորսնցուցած է, կարելիութիւն ունի ոտքի կանգնելու եւ կոչելու ''Հայր'' անունը։ Սստուած պիտի պատասխանէ անոր՝ մէկ բառով՝ ''զաւակս'' ։

Հայցենք Տիրոջմէ այն շնորհքը որպէսզի բոլորիս պարգեւէ իմաստութիւնը մեր յոյսը դնելու միայն Տիրոջ վրայ եւ ոչ թէ նիւթական կամ մարդկային ուժերուն վրայ – եզրափակեց Սրբազան Հայրը։







All the contents on this site are copyrighted ©.