2014-03-20 10:18:17

Գահիրէի Ալ Ազհար մահմետական համալսարանը զօրակից է Վատիկանի մարդկութեան բարիքին ի սպաս։


Մահմուտ Աբաս ` Գահիրէի Ալ Ազհար մահմետական համալսարանի մէկ ներկայացուցիչը, 17 մարտ 2014-ին, հաստատած է որ սիւննիներու հանրածանօթ համալսարանը Վատիկանի կողքը կը կանգնի լուծելու մարդկութեան բարդ հարցերը։
Իսլամ պատասխանատուն վերջերս Հռոմ կը գտնուէր եւ մասնակցած մարդավաճառքի դէմ գիտաժողովին։
Ան խօսելով անցեալ յունուար 2011-ի Վատիկանի ու Ալ Ազհարի միջեւ տեղի ունեցած յարաբերութիւննրու ընդհատումի մասին ըսաւ որ Իսլամ համալսարանը Վատիկանէն կը սպասէր դրական նշան մը իր կապերը վերահաստատելու համար։ Ակներեւ է որ ֆրանչիսկոս Քահանայապետին ընտրութիւնը բարեփոխեց կացութիւնը։ Եգիպտոսի աւագ կրօնապետը շնորհաւորագիր մը ուղղեց նոր Քահանայապետին։
Օգոստոս 2013-ին ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ինքնագիր պատգամ մը ուղղեց իսլամ աշխարհին Ռամատանի տօնին առթիւ, ցոյց տալով երկխօսութիւն հաստատելու իր կամքը ։ Մինչ Սեպտեմբերին, Նորին Սրբութիւնը անձնական պատգամ մը ուղղեց Ալ Ազհարի կրօնապետին եւ Հոկտեմբերին ընդունեց Գահիրէի մեծ մուֆթին։








All the contents on this site are copyrighted ©.