2014-03-19 11:13:37

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը` ''Սուրբ Յովսէփ դաստիարակ''։


Չորեքշաբթի, 19 մարտի, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հրապարակային ունկնդրութիւն շնորհեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած տասնեակ հազարաւոր ուխտաւորներուն։
Նախ քան ունկնդրութիւնը Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, առաւօտեան 9,15-ին, Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ ընդունեց 20 հոգիէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը որպէս ներկայացուցիչներ, ''Ֆոքոլարինի շարժումի'' նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած` ''Քիարան եւ կրօնները միասին, մարդկային ընտանիքի միութեան ի սպաս'' խորագրով գիտաժողովի մասնակիցներուն։Պատուիրակութիւնը գլխաւորեց Կարտինալ Ժան Լուի Թոռանը, Քահանայապետական միջկրօնական երկխօսութեան խորհուրդի նախագահը։
Յայտնենք որ այսօր կը նշուի նաեւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գահակալութեան առաջին տարեդարձը։
Հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը խօսեցաւ Սուրբ Յովսէփի մասին որուն ծիսական տօնը կը նշուի այսօր` 19 մարտին։
Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր ` ըսաւ Սրբազան Հայրը, այսօր կը տօնախմբենք Սուրբ Յովսէփի տօնը։ Նայինք Անոր որպէս դաստիարակութեան տիպար որ կ՛առաջնորդէ Յիսուսի քայլերը որ կ՛աճեր ու կը զարգանար ''իմաստութեամբ, հասակով եւ շնորհքով'' (Ղուկաս 2, 52)։
Սրբազան Հայրը ակնարկեց Յիսուսի դաստիարակութեան երեք ծաւալներուն։ Առաջինը` որուն մէջ կը տեսնենք թէ ինչպէս Յովսէփ, Մարիամին հետ, Յիսուսը դաստիարակեց այնպէս որ անոր առոջղ զարգացումին համար ոչ մէկ բան պակսի։ Երկրորդ ծաւալը իմաստութեան ծաւալն է։ Յիսուս լի է իմաստութեամբ, որովհետեւ Ան Աստուծոյ Որդին է։ Սակայն Երկնային Հայրը` Յովսէփի համագործակցութիւնը օգտագործեց որպէսզի իր Որդին կարենայ մեծնալ ''լի իմաստութեամբ''։ Իսկ վերջին ծաւալը` շնորհքի ծաւալն է, ըսաւ Քահանայապետը։ Յովսէփի դաստիրակչական պարտականութիւնն էր, Մարիամի հետ միացած, աջակցիլ Սուրբ Հոգիին, Յիսուսի սրտին ու կեանքին մէջ ներգործութեան։
Ֆրանչիսկոս Պապը հուսկ հաստատեց թէ Սուրբ Յովսէփ դաստիարակեց Յիսուսը նախ օրինակով` արդար մարդու օրինակով, որ թոյլ կու տայ որ իր հաւատքը առաջոնորդէ իր քայլերը եւ գիտակից է թէ Փրկութիւնը կու գայ Աստուծմէ, Անոր անհուն սէրէն ու անոր հաւատարմութենէն։
Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր եզրափակեց Սրբազան Հայրը, Սուրբ Յովսէփի առաքելութիւնը անկրկնելի եւ եզակի առաքելութիւն մըն է, որովհտեւ Յիսուս ինքնին բացարձակօրէն եզակի է։ Եւ այս իր դաստիարակչական գործին մէջ, Յովսէփ ամէն մէկ դաստիարակիչի տիպար է, յատկապէս հայրերուն համար։ Ասոր համար անոր բարեխօսութեան կը յանձնեմ բոլոր ծնողները, քահանաները եւ անոնք որոնք դաստիարկաչակն դեր մը ունին Եկեղեցւոյ եւ Ընկերութեան մէջ ու առիթէն կ՛օգտուիմ բոլոր հայրերուն փոխանցելու իմ շնորհաւորութիւններս։
Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Հայրը զանազան լեզուներով ողջոյնեց Սուրբ Պետրոսի հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները հուսկ յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն, եւ նորապսակեալներուն։
Այսօր` – ըսաւ Սրբազան Հայրը - կը տօնախմբենք Տիեզերական Եկեղեցւոյ Պահպանը` Սուրբ Յովսէփը։ Սիրելի երիտասարդներ Անոր նայեցէք որպէս խոնարհ եւ հեզաբարոյ կեանքի օրինակ. Սիրելի հիւանդներ` Անորմէ սորվեցէք կրել խաչը լռութեամբ եւ աղօթքով եւ դուք` սիրելի նորապսակեալներ, ձեր ընտանեկան կեանքը կերտեցէք այն սիրոյն վրայ որ Մարիամն ու Յովսէփը իրար միացուց







All the contents on this site are copyrighted ©.