2014-03-19 08:43:03

Հայ Եկեղեցին Եւ Հայ Երիտասարդը Դէմ Առ Դէմ


RealAudioMP3 Յարգէ՝ որ յարգուիս:
Անցեալի փառքով ապրող, անցեալը դրամագլուխի վերածած մարդոց գործելու ժամանակը փակուած կը նկատէ ներկայի քաղաքակիրթ աշխարհը: Ամէն մարդ իր արժանիքը պիտի կերտէ, ու անով արժեւորուի: Այլապէս պարտադիր յարգանքը, կամ կեղծ պատկառանքը կրնան ժխտական անդրադարձ ունենալ ընկերութեան կեանքին վրայ:
Ոմանք արտաքին տեսքին կարեւորութիւն տալով, ըստ այնմ կը դատեն: Նոյնիսկ յարգանքի որոշ մաս, այդպիսիներ կը վերապահեն արտաքին տեսքին:
Արեւելեան ժողովրդային իմաստութեան օրինակ հանդիսացող ագշէհիրցի իսլամ կրօնաւորը խրախճանքի հրաւիրուած ըլլալով, երբ բացառիկ յարգանք կը տեսնէ իր շուրջ, հրամցուող ճաշերու ամանները բռնելով կը մօտեցնէ զգեստին, ու կ՛ըսէ.
_ Հրամմէ՛, կե՛ր, այս ամբողջ պատիւը քեզի համար է:
Հաստատութիւններու, հիմնարկներու, մեծ թէ փոքր ընկերութիւններու տարազները, մանաւանդ կրօնաւորական տարազները, բոլոր կրօններու պարագային, բացառիկ յարգանքի կ՛արժանանան պաշտօնական բոլոր կառոյցներու կողմէ: Նման անձեր, ոմանց կողմէ ալ՝ անարգանքի կամ ծաղրանքի առարկայ կը դառնան։ Զինուորը իր տարազին նկատմամբ ունեցած յարգանքով կը բարձրանայ, ու տարազին հետ իր անձը նոյնացնելով կը յարգուի: Այսպէս կը սորվեցնեն նորընծայ բանակայիններուն, երբ անոնց կը յանձնեն այն կապոցը, որուն մէջ խնամքով ծալլուած կ՛ըլլայ զինուորական տարազը:
Բարձրաստիճան եկեղեցականներէն մէկը հրապարակաւ յանդիմանեց այն աշխարհականը, որ համարձակած էր իր հոգեւորական երիտասարդ ընկերոջ ուսին դնել ձեռքը, մտերիմ բարեկամութիւն ցուցաբերելու համար: Սքեմին նկատմամբ յարգանքը շատ մեծ էր այդ տարեց հոգեւորականին մօտ, որուն կեանքը սքեմին հետ շաղախուած էր: Ոմանք ալ այնքան կը նոյնանան իրենց տարազին հետ, որ բուն մարդը կը կորսուի այլեւս: Իսկ ուրիշներ, երբեմն հրաժարելով իրենց նախկին հանգամանքէն, դեռ անոր մէջ կը զգան իրենց անձը, նոյնիսկ այն յարգանքը ակնկալելով հանրութենէն, զոր կը ստանային անցեալին:
Քաղաքի ոստիկանապետ մը որ ծանօթ էր, նոյնիսկ իր թաղեցիներուն նկատմամբ, իր անգութ եւ դաժան նկարագրով. հանգստեան կը կոչուի, ու կը շարունակէ բնակիլ նոյն թաղին մէջ: Թաղեցիներուն համար սկզբնական շրջանին տարօրինակ էր զինք տեսնել սովորական քաղաքացիի զգեստով: Ոմանք նոյնիսկ կը շարունակէին ակնածիլ իրմէ, կարծելով թէ ան կրնայ տուգանել կամ պատժել զիրենք: Սակայն հետզհետէ վարժուեցան, եւ հասաւ օր, երբ ո՛չ ոք կը յարգէր զինք այլեւս: Սովորական բարեւ տուո՛ղ ալ չմնաց իրեն: Մարդը սկսաւ նեղանալ, նոյնիսկ բարկանալ, որ իրեն պէս տարիներո՜ւ ծառայութիւն ունեցող մէկը ինչո՞ւ պիտի չյարգուի: Ճիշդ կողքի դրացին, որ առ ի քաղաքավարութիւն բարեւը չէր կտրած անկէ, երբ զգաց այս մարդուն տագնապը, բարեկամաբար մօտենալով յիշեցուց թէ ի՜նչ դաժան եղած էր ինք ամէնուն նկատմամբ: Սակայն մարդը չէր ուզեր հասկնալ ըսուածները, եւ դեռ կը պնդէր, ըսելով թէ ինք օրէ՛նքը գործադրած էր:
Այն ատեն դրացին կը պատմէ առակ մը. ՜՜Անտառին շատ մօտիկ ապրող գիւղացին, իր ախոռին մէջ մէկ հատ էշ ունէր: Օրին մէկը դուռը բաց մոռցած ըլլալով, էշը ուղղակի անտառ մտաւ: Հոս ու հոն արածած ժամանակ կորսուեցաւ անտառին խորերը: Խոտ կերած ատեն, յանկարծ գլխուն սատկած այլ կենդանիի մորթ փաթթուեցաւ: Էշը ինչքան շարժեց գլուխը, չկրցաւ այդ մորթը վար ձգել: Նոյնիսկ չիմացաւ թէ ի՞նչ էր այդ: Բարեբախտաբար աչքերուն մասը բաց մնացած էր: Ուստի կամաց-կամաց անիկա վերադարձաւ իր տունը: Հազիւ գիւղին մօտեցած, տեսաւ բոլոր իրեն ծանօթ կենդանիները, դրացի ագարակներու, որոնք յարգանքով կը մօտենային իրեն: Դուն մի ըսեր, սատկած առիւծի մորթ փաթթուէր էր խեղճին գլխուն, եւ միւս կենդանիները միշտ ակնածելով առիւծէն, սկսան յարգանք տածել իրեն նկատմամբ, իբրեւ անտառին թագաւորը…: Բայց էշը ինք զարմացած էր, առանց իմանալու թէ ի՞նչ կը կատարուի, ինչո՞ւ զինք այդքան կը յարգեն: Քիչ ետք, երբ կը ծարաւի, կը մօտենայ ջուրին, եւ երբ կը ծռի խմելու, յանկարծ գլուխէն կ՛իյնայ առիւծի մորթը: Շուրջը հաւաքուած կենդանիները կը սկսին ծիծաղիլ, եւ նոյնիսկ իրենց տգիտութիւնը ձաղկել, ըսելով. չիմացանք, առիւծ չէ եղեր ասիկա…:
Յարգանքը անպակաս պէտք է ըլլայ մարդոց կեանքէն: Սակայն, միշտ ա՛նձն է որ պէտք է յարգուի նախ, եւ ապա՝ անոր հանգամանքը:
Ինչքա՜ն պիտի կրկնուի դեռ ծանօթ առածը, որ մեր ժողովուրդը զանազան առիթներով այդքան կը սիրէ յիշեցնել. _ Յարգէ՝ որ յարգուիս:








All the contents on this site are copyrighted ©.