2014-03-19 09:11:32

Իրան Սուրիոյ տագնապի լուծման իր ծրագիրը փոխանցած է Իպրահիմիի


ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարար Հիւսէյն Ամիր Ապտուլլահեան Մարտ 17ին յայտարարեց, որ Իրանի կառավարութիւնը մշակած է Սուրիոյ տագնապը լուծելու իր ծրագիրը:
Ըստ անոր՝ փաստաթուղթը կազմուած է չորս կէտերէ: Իրանցի պաշտօնատարները այդ փաստաթուղթը փոխանցած են Սուրիոյ հարցով ՄԱԿի եւ Արաբական լիկայի յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմիի եւ անոր հետ քննարկումներու սկսած են:
Ապտուլլահեան նշած է, որ «փաստաթուղթը կազմուած է սուրիական ճգնաժամի քաղաքական լուծման իրողութիւններուն, Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութեան պահպանման եւ ժողովրդավարական ընտրութիւններու միջոցով իրենց ճակատագիրը որոշելու քաղաքացիներու իրաւունքներուն համապատասխան»:







All the contents on this site are copyrighted ©.