2014-03-18 10:55:30

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը հանդիպում կ'ունենայ մաֆիայի զոհերու ընտանեկան պարագաներուն հետ։


Ուրբաթ, 21 մարտ 2014, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը յետմիջօրէին պիտի մասնակցի ''Լիպերա'' կոչուած հակամաֆիական հիմնարկութեան տարեկան հանդիպումին, որուն կը նախաատեսուի մաֆիայի զոհերու շուրջ 700 ընտանեկան պարագաներու մասնակցութիւնը։ Հանդիպման ընթացքին տեղի կ՛ունենայ աղօթքի հսկում, Վատիկանէն ոչ հեռու, Հռոմի ս. Գրիգոր Է Քահանայապետի նուիրուած եկեղեցւոյ մէջ։
''Լիպերա'' կոչուած հակամաֆիական հիմնարկութիւնը հիմնուած է հայր Լուիճի Չոթթիի կողմէ ոգեկոչելու համար յիշատակը մաֆիայի ձեռքով սպաննուած անձերուն։
Իր նախորդներուն նման ֆրանչիսկոս Քահանայապետը եւս խստիւ դատապարտած է մաֆիայի չարագործութիւնները։ Անցեալ 26 մայիս 2013-ին, հաւատացեալներէն խնդրած է աղօթել մաֆիայի ոճրագործներու դարձին համար։
3 հոկտեմբեր 2010-ին, Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը, Սիկիլիա կատարած հովուական այցելութեան ընթացքին մեծարած է յիշատակը Ճովաննի ֆալքոնի դատաւորին որ զոհ եղած է մաֆիայի ոճրագործ արարքի 1992-ին։ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը երիտասարդները խրախուսած է դիմադրելու մաֆիայի հրապուրիչ փորձութիւններուն, ընդգծելով որ մաֆիան դէպի մահ տանող ճանապարհ մըն է։ Հռչակաւոր է նաեւ Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը դիրքը մաֆիայի նկատմամբ։ Ան խօսքը ուղղելով մաֆիայի մարդոց բացագանչած էր` ''մի սպաններ եղբայրդ'', Կեանքին միակ Տէրը Աստուած է ։








All the contents on this site are copyrighted ©.