2014-03-18 10:48:51

Ռուսիա ճանչցաւ Խրիմի պետութեան անկախութիւնը


Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, երկուշաբթի, 17 մարտին,գիշեր ստորագրեց հրամանագիր մը, որուն ճամբով ճանչցաւ Խրիմը իբրեւ «գերիշխան եւ անկախ պետութիւն»: Աղբիւրներ նշեցին, որ հրամանագիրը կրնայ անմիջապէս ուժի մէջ մտնել: Նախագահական հրամանագիրը ստորագրուած է` «նկատի ունենալով խրիմեան հանրաքուէին ընթացքին Խրիմի ժողովուրդի կամքի արտայայտութիւնը»:
Նշենք, որ Փութին այսօր Ռուսիոյ կազմին մէջ նոր տարածքի` Խրիմի ընդգրկման հարցով պիտի դիմէ Դաշնակցային խորհուրդին: Ուղերձը նախատեսուած է Մոսկուայի ժամանակացոյցով ժամը 15:00-ին:
Եւրոպական Միութիւնն ու Միացեալ Նահանգները երկուշաբթի, 17 մարտին Ռուս եւ ուքրանացի շարք մը պաշտօնատարներու դէմ ճամբորդութեան արգելք եւ հաշիւներու սառեցում հաստատեցին:
Եւրոպական Միութիւնը Պրիւքսէլի մէջ արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին ընթացքին 21 պաշտօնատարներու դէմ պատժամիջոցներ հաստատեց: Միացեալ Նահանգներ իրենց կարգին 7 ռուս կառավարական բարձրաստիճան պաշտօնատարներու եւ երեսփոխաններու, ինչպէս նաեւ Խրիմի ղեկավարներու դէմ պատժամիջոցներ հաստատեցին` «Ուքրանիոյ մէջ ժողովրդավարական հոլովոյթներն ու հաստատութիւնները» ականահարելնուն համար:
Պաշտօնատարներու շարքին են Խրիմի ղեկավար Սերկէյ Աքսիոնով, Ռուսիոյ փոխվարչապետ Տմիթրի Ռոկոզին եւ Դաշնակցային խորհուրդի նախագահ Վալենթինա Մաթվիենքօ:
Պատժամիջոցներու հաստատումէն ժամեր առաջ Խրիմի խորհրդարանը շրջանը անկախ պետութիւն յայտարարեց:
Ռուսիա նախապէս առաջարկեց տագնապին մէջ միջնորդութիւն կատարելու եւ սահմանադրութեան մէջ Ուքրանիոյ զինուորական եւ քաղաքական չէզոքութիւնը ապահովող փոփոխութիւն կատարելու համար միջազգային «կապի խմբակ» կազմել: Սակայն Քիեւի իշխանութիւնները առաջարկը մերժեցին` զայն նկատելով «կատարելապէս անընդունելի»:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ զգուշացուց, որ Ուքրանիոյ պատճառով Ռուսիոյ եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ պաղ պատերազմ կրնայ ծագիլ:
Խրիմի Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահը երէկ յայտարարեց, որ քուէարկողներուն 96.6 առ հարիւրը «այո» քուէարկած է Ռուսիոյ միանալու ընտրանքին: Միւս կողմէ, 1 ապրիլէն սկսեալ ռուսական ռուբլին պիտի ըլլայ Խրիմի պաշտօնական դրամանիշը: Շրջանի ժամը այս ամսուան վերջաւորութեան պիտի ճշդուի ըստ Մոսկուայի ժամանակացոյցին: Երէկ թերակղզիին մէջ Ռուսիոյ միանալու որոշումին որդեգրման առիթով արձակուրդ էր: Խրիմի իշխանութիւնները նաեւ թերակղզիին մէջ գտնուող Ուքրանիոյ պետութեան պատկանող բոլոր կալուածներուն ազգայնացումը յայտարարեցին:
Ուքրանիոյ ազգայնական «Սվոպոտա» խմբակցութեան ղեկավար Օլեկ Թիակնեպոք յայտարարեց, որ Ուքրանիոյ զինեալ ուժերը, որոնք Խրիմ կը գտնուին, պիտի չհեռանան թերակղզիէն: «Ուքրանական զօրքերը Խրիմէն պիտի չհեռանան: Ատիկա մեր տարածքն է, եւ մենք պիտի պաշտպանենք այդ տարածքը», ըսաւ ան:







All the contents on this site are copyrighted ©.