2014-03-18 11:35:22

Շուետի "megachurch" աւետարանական եկեղեցւոյ հիմնադիրը կը յարի կաթողիկէ եկեղեցւոյ` Օլֆ Էքման իր այս կեցուածքով կ'ուզէ սատարել քրիստոնեաներու միութեան։


Օլֆ Էքման հովիւը, Շուետի աւետարանական եկեղեցւոյ կարեւոր անձնաւորութիւններէն մին, անցեալ 9 մարտ 2014-ին հրապարակաւ յայտնած է իր կամքը յարիլ կաթողիկէ եկեղեցւոյ։ Այս մասին տեղեկացուցած է ԱՄՆի "Christianity Today" բողոքական պարպերաթերթը։

Էքման 1983-ին հիմնած է "megachurch" կեդրոնը, որ կը նկատուի Սքանտինաւ երկիրներու ս. Գիրքի մեծագոյն դպրոցը։ Ուփսալայի հովիւը մամուլին հետ ունեցած ելոյթով ըսած է. հակառակ 30 տարիներու ձեռք բերած յաջողութիւններուս այն եզրակացութեան յանգեցայ, որ իմ աշխատանքս բողոքականութեան միջոցաւ չի նպաստեր քրիստոնէութեան միութեան։ Այս ուղղութեամբ Ան մատնանշեց թէ ''անցեալին կաթողիկէներու դէմ բանաձեւած քննադատութիւններս անհիմն են։ Տասը տարի յաճախելով կաթողիկէ եկեղեցին կաթողիկէութեան մէջ գտայ մեծ սէր մը հանդէպ Յիսուսի, քահանայական կարգի ամուր կառոյց մը, բարոյական մեծ ոյժ մը որ չի վախնար հակառակելու հանրային կարծիքին եւ յատուկ սէր ունի աղքատին ու տկարին նկատմամբ։
Նշենք որ Շուետացի հովիւ Օլֆ Էքման աւետարանկան եկեղեցւոյ առաջին անձնաւորութիւնը չէ որ նման քայլ մը կ'առնէ, 2007-ին ամերիկացի ֆրանսիս Պեքուայթ Francis Beckwith` հիմնադիրը "Evangelical Theology Society" հաստատութեան, նոյնպէս որոշում առած էր յարելու կաթողիկէ եկեղեցւոյ։








All the contents on this site are copyrighted ©.