2014-03-17 10:01:01

Սուրիոյ բանակը Եապրուտը առաւ իր վերահսկողութեան տակ


Սուրիոյ կանոնաւոր բանակը երէկ Քալամուն շրջանի մայրաքաղաք Եապրուտ քաղաքը առաւ իր վերահսկողութեան տակ: Բանակը քաղաք ներխուժած էր երեք առանցքներէ:
«Մայատին» պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ քաղաքին մէջ գտնուող Ժապհաթ Նուսրայի, ՏԱՀԵՇ-ի եւ այլ իսլամական խմբաւորումներու զինեալները ծանր կորուստներ կրելէ ետք փախուստի դիմած են: Մինչ կարգ մը տեղեկութիւններ խօսեցան անոնց դէպի Ռանքուս եւ Ֆլիթա փախուստին մասին, ըստ «Մայատին»-ի, աւելի քան հազար զինեալներ փախուստ տուած են Լիբանանի Արսալ քաղաքի շրջանը, ուր սուրիական օդուժը Արսալը եւ սուրիական Ֆլիթան իրարու կապող ճամբաներուն վրայ յարձակումներ գործեց:
«Մայատին» կը նշէ, որ Եապրուտը ընդդիմադիր զինեալներուն Լիբանանի սահմանին մօտ գտնուող վերջին մեծ կեդրոնն է: Անոր վերատիրանալով սուրիական վարչակազմը այժմ ապահովեց մայրաքաղաք Դամասկոսէն դէպի Միջերկրականի ծովափ ցամաքային ճամբան, ինչպէս նաեւ Լիբանանէն ընդդիմադիր զինեալներու մատակարարման ճամբան փակեց:







All the contents on this site are copyrighted ©.