2014-03-17 09:59:55

Թիմօր Էսդի եպիսկոպոսներու կանոնական այցը Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։


Երկուշաբթի 17 մարտին Թիմօր Էսդի եպիսկոպոսները ժամանեցին Վատիկան իրենց հնգամեայ կանոնական այցը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Թիմօր Էսդի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի նախագահն է Պաքաու թեմի եպիսկոպոս` գերապայծառ Պազիլիօ Տո Նաշիմենթօ։ Թիմօր Էսդը ունի երեք թեմ որոնք ուղղակի կախում ունին Սուրբ Աթոռէն։ Հոն կը գործեն 53 ժողովրդապետութիւններ։
Թիմօր Էսդը ունի 14,954քմ քառակուսի տարածք եւ 1 միլիոն 200 հազար բնակչութիւն, որուն 97 առ հարիւրը կաթողիկէ են։
Թիմօր Էսդը իր անկախութիւն ստացած է 20 մայիս 2002 թուականին, 24 տարիներ ներքին զինեալ բախումներէ ետք եւ ՄԱԿԻ միջամտութեան շնորհիւ։ Հակառակ վերջին տարիներու արձանագրուած յառաջդիմութիւններուն, երկրի բնակչութեան 40 առ հարիւրը տակաւին կ՛ապրի աղքատութեան մէջ։ Թիմօր Էսդի Եկեղեցին մեծ դեր կը խաղայ երկրին մէջ խաղաղութեան ու համերաշխութեան հաստատումի ի խնդիր ինչպէս նաեւ, իր բարեգործական մարմիններով կը սատարէ հասարակաց բարիքին ու կեանքի բարելաւումին։
Թիմօր Էսդի եպիսկոպոսներուն հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը խրախուսեց զանոնք ըլլալու ''Ազգին քննադատական խիղճը'' եւ հչակելու ողորմութեան Աւետարանը, գործածելով տեղական բոլոր խաւերուն հասկնալի ոճ մը։ Նորին Սրբութիւնը իր խօսքին մէջ մատնանշեց Թիմօր Էսդի 500 տարուայ աւետարանական ու հաւատքի ապրումին եւ զգուշացուց ''ցաւալի անակնկալներէն''։ Ան ապա ակնարկեց տեղական Եկեղեցւոյ կարեւոր դերին` Երկրին կառուցման ի խնդիր։
Ֆրանչիսկոս Պապը Եպիսկոպոսները հրաւիրեց հուսկ ըլլալու ''մարդիկ որ սիրով եւ համբերութեամբ, կարող ըլլան աջակցիլ Աստուծոյ ժողովուրդի ճանպարհին, արժէգաւորելով այն ինչ որ ազգը միացած կը պահէ եւ զարգացնելով յոյսը։ Ան ապա մաղթեց որ ''սրտերուն մէջ միշտ լոյս եւ արեւ ճառագայթէ''։








All the contents on this site are copyrighted ©.