2014-03-17 10:20:34

2014 Հայ տարեցին տարին տարեցին Խնամքը Աստուածաշունչին Մէջ


Նիկոսիոյ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիին մէջ, Մարտ 14-ին, Մեծ Պահոց հսկումի երկոյեան արարողութեան ընթացքին տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ մը՝ 2014 Հայ Տարեցի տարուան առիթով, «Տարեցին խնամքը Աստուածաշունչին մէջ» նիւթով: Նիւթը ներկայացուց Տիար Հրայր Ճէպէճեան՝ Արաբական Ծոցի Աստուծաշունչի Ընկերութեան Ընդհանուր Քարտուղար:
Հրայր Ճէպէճեան նախ իր երախտագիտական խօսքերը ներկայացուց Արամ Ա. Վեհափառին, որ ինչպէս ամէն տարի, այս տարի ալ մեր ազգային-եկեղեցական կեանքերուն համար այժմէական եւ կարեւոր նիւթ մը մեր ուշադրութեան եւ մտածողութեան կը յանձնէ: Ան իր ելոյթը սկսաւ Վեհափառ Հայրապետին տարեցներու տարուան կոնդակին բովանդակութեան երեք գլխաւոր մասերը վեր առնելով ՝ Տարեցը Աստուածաշունչին մէջ, Տարեցը Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ եւ յարգել եւ խնամել տարեցները իր չորս ենթաբաժիններով՝ պաշտպանել, յարգել, լսել եւ խնամել տարեցները:
Հրայր Ճէպէճեան ընդգծեց «խնամք»ի հասկացողութեան անհրաժեշտութիւնը մեկնելով Աստուածաշնչային, քրիստոնէական եւ եկեղեցաբանական տեսանկիւններէն: Ան վեր առաւ քրիստոնեայ հաւաքականութեան ՝ իմմա եկեղեցւոյ առաքելութեան diakonia (սպասարկութիւն) հասկացողութիւնը, որ կը բնորոշէ եկեղեցիին նկարագիրը: Diakonia «ծառայութիւն մըն է, որ կը նպատակագրէ փոխել մարդոց կեանքերը եւ մասնակից դառնալ նուազ փախտաւոր մարդոց վիճակները բարելաւելու՝ իմմա նեղութիւն, ցաւ, հիւանդութիւն, անապահովութիւն», ըսաւ ան: «Երբ կը խօսինք յարգել եւ խնամել տարեցները կը խօսինք եկեղեցիին եւ քրիստոնեայ անհատին առաքելութեան մասին՝ diakonia, որ պատգամ մըն է շարժումի՝ բան մը փոխելու եւ անպայմանօրէն դէպի լաւը», ըսաւ ան:
Բանախօսը ապա վեր առաւ Աստուածաշունչի Գործք Առաքելոց 2:42-47 համարները, որ կը խօսին առաջին դարու եկեղեցիին կազմակերպութեան մասին՝ պենտեկոստէի օրը եւ, թէ ինչպէս սպասարկութեան առաքելութիւնը սկսաւ նոյնինքն եկեղեցիին ծնունդովը եւ, թէ ինչպէս եկեղեցիին անդամները «միշտ կը յարատեւէին առաքեալներու ուսուցմունքին ու հաղորդութեան, հաց կտրելու եւ աղօթելու»: Այս իմաստով ան ընդգծեց, թէ քրիստոնեային եւ եկեղեցիին «խնամքին»ի հասկացողութիւնը «համապարփակ» է եւ կ՛ընդգրկէ ուսուցմունք, հաղորդականութիւն, գործնական հոգածութիւն, խնամք եւ աղօթք: Այս համապարփակ խնամքը «սքանչելիքներ եւ նշաններ» ստեղծեց եւ երբ կերակուրը կը բաժնէին եւ կ՛ուտէին «ցնծութիւն եւ պարզամտութիւն» կար եւ իրենց աղօթքներով «շնորհք կը գտնէին»:
Հրայր Ճէպէճեան այս իմաստով կեդրոնացաւ քրիստոնէական խնամքին ուղղահայեաց եւ հորիզոնական հասկացողութիւններուն վրայ: Ուղղհայեացը, որ Աստուծոյ հետ յարաբերութեան հասկացողութիւնն է իւրաքանչիւր քրիստոնեային եւ, որուն ուժով եւ հաւատքով կ՛ապրի անհատը հորիզոնական հասկացողութեամբ իր շրջանապատին հետ: «Քրիստոնեայ ըլլալ կ՛ենթադրէ շատ աւելին քան միայն անձնական եւ փոխուող յարաբերութիւն ունենալ Աստուծոյ հետ: Այդ կ՛ենթադրէ հաւաքկան կեանքին մէջ մտնել եւ փոխուող ու խնամող յարաբերութիւն ունենալ աշխարհին հետ՝ ներառեալ տարեցին հետ», եզրափակեց ան:
Նիւթը՝ իր աժմէական մտահոգութիւններով եւ հասկացողութեամբ գնահատանքի արժանացաւ ներկաներուն կողմէ: Նոյն դասախօսութիւնը կրկնուեցաւ Կիրակի 16 Մարտին Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիին պատարագին ընթացքին:








All the contents on this site are copyrighted ©.