2014-03-16 09:35:45

Վատիկանի հրատարակչատան երկու նոր հատորները ՝ Ֆրանչիսկոս Պապին արտասանած գլխաւոր պատգամներն ու թուիթերը։


14 մարտ 2014ին, Ֆրանչիսկոս Պապին ընտրութենէն մէկ տարի ետք, Վատիկանի հրատարակչատունը հրատարակեց երկու նոր հատորներ։ Առաջինը որ կը կրէ ՝ ''Յիսոս մեզ կը սպասէ'' խորագիրը եւ կը պարունակէ Քահանայապետին գլխաւոր պատգամները. սկսեալ, 8 մարտ 2013-էն, Անառատ Յղութեան տօնին առիթով արտասանած քարոզը, մինչեւ կիրակի 4 մարտ 2014, կիրակնօրեայ
աւանդական Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան խորհրդածութիւնը։ Իսկ երկրորդը ունի որպէս խորագիր ''Քահանայապետի թուիթերեան պատգամները'' եւ կը ներփակէ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի հրատարակած 128 թուիթներ, 12 սեպտեմբեր 2013 ին հրատարակուած թուիթէն`'' Հետեւիլ Յիսուսին կը նշանակէ բաժնեկցիլ Անոր ողորմած սէրը հանդէպ ամէն արարածի'', մինչեւ՝ 4 մարտ 2014ի թուիթը` ''Կեանքի ընթացքին ամէնքս սխալներ կը գործենք, սորվինք ճանչնալ մեր սխալները եւ ներողութիւն խնդրել''։ Նշենք, թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին զանազան լեզուներով հրատարակուած թուիթներու հետեւորդներու թիւը գերացանցած է 12 միլիոնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.