2014-03-15 08:53:44

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին հեռագիրը ի լուր Կարտինալ Փոլիքարբոյի մահուան։


Հինգշաբթի, 13 մարտին, 78 ամեայ Կարտինալ Խօսէ Տա Քրուզ Փոլիքարբոյի վախճանումին ի լուր, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Կարտինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող ցաւակցական հեռագիր մը ուղղեց որուն մէջ յայտնեց, թէ աղօթքով կը միանայ Լիզպոնի Պատրիարքութեան , ննջեցեալին ընտանիքի պարագաներուն եւ ինչպէս նաեւ անոնց որոնք կ'ողբան Կարտինալի անակնկալ մահը։
Նորին Սրբութիւնը , Աստուծոյ Ողորմութեան յանձնեց ննջեցեալ Կարտինալը, յիշելով անոր նուիրական ծառայութիւնը Սուրբ Աթոռի զանազան կազմակերպութիւններուն մէջ, ինչպէս նաեւ անոր հետ ունեցած անձնական հանդիպումները՝ որոնելու Ճշմարտութիւնը։
Ֆրանչիսկոս Պապը իր հեռագիրին մէջ յիշեց, թէ ննջեցեալ կարտինալը , Տիրոջմէ ստացած պարգեւները զետեղած էր Աստուծոյ Ժողովուրդին եւ եղբայրակից եպիսկոպոսաց ծառայութեան ի սպաս, յատուկօրէն երբ ան նախահահ էր Եպիսկոպոսաց համահաւաք դասին։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ մեծարեց Կարտինալ Փոլիքարբոյի Եպիսկոպոսական հովութեան ծառայութիւնը որուն ընթացքին Ան` իրեն յանձնուած
Ժողովուրդը առաջնորդեց՝ Աւետարանի ճանապարհով։
Սրբազան Քահանայապետը գիրը եզրափակեց, Սուրբ Կոյս Մարիամի մայրական հովանիին յանձնելով բոլոր անոնք որ կ՛ողբան Կարտինալ Փիլիքարբոյի մահը ինչպէս նաեւ Լիզպոնի Պատրիարքութիւնն ու բոլոր հաւատացեալները անոնց տալով մխիթարական առաքելական օրհնութիւնը։
Կարտնալ Փոլիքարբոյի մահով` Կարտինալական դասի թիւը կ՛իջնէ 217-ի։ Անոնց 120ը Քահանայապետ ընտրելու իրաւունքով են մինչ 97-ն ոչ ընտրող։







All the contents on this site are copyrighted ©.