2014-03-15 12:54:54

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը Լատինամերիկայի բանուոր քահանաներուն պաշտպանը կը հանդիսանայ եւ կը գովէ անոնց առաքելութիւնը ի սպաս աղքատներուն։


13 մարտ 2014, Պուէնոս Այրէսի տեղական ձայսնասփիւռի մը հետ հարցազրոյց մը ունենալով, Արժանթինի բանուոր քահանաներու` եօթանասունական տարիներուն, առաքելութեան մասին, ֆրանչիսկոս Քահանայապետը գովքը հիւսած է եւ օրհնած անոնց առաքելութիւնը աղքատներուն ի սպաս։
''Բանուոր քահանաներու տածած աշխատանքը մայրաքաղաքի արուարձաններուն մէջ, գաղափարախօսական բնոյթ չուներ այլ՝ լոկ առաքելական'' ընդգծեց Սրբազան Հայրը։ Ան մասնաւորապէս ոգեկոչեց 1974-ին սպաննուած հայր Մուճիգան, եւ Իզապէլ Բերոնի կառավարութեան ընթացքին համայնավար նկատուած բանուոր քահանաները։ Ընդհակառակը ըսաւ Սրբազան Հայրը, անոնք ճշմարիտ կղերականներ էին որոնք պայքար կը մղէին անարդարութեան դէմ։ Նշենք որ հարցազրոյցը սփռուեցաւ մայրաքաղաքի արուարձանի մէկ ժողովրդապետութեան մէջ







All the contents on this site are copyrighted ©.