2014-03-15 13:01:13

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը։


Ուրբաթ, 14 մարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը աւարտելով Արիչչայի մէջ կատարած` Մեծ Պահքի հոգեւոր կրթութիւնը, վերադարձաւ Վատիկան եւ այսօր` շաբաթ 15 մարտ, վերսկսաւ իր պաշտօնական գործունէութիւնները ընդունելով Սերպիոյ մօտ առաքելական դեսպան գերապայծառ Օրլանտօ Անթոնինին ու ապա Ֆրանչիսկեան կրտսեր եղբայրներու միաբանութեան Աբբահայրը ու անոր ընկերացող միաբանութեան խորհուրդի անդմաները։
Նորին Սրբութիւնը հուսկ ընդունեց Կարմեղեան միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր Հայր Սավէրիոյ Քաննիսդրան։
Յայտնենք որ վաղը` կիրակի 16 մարտին, Նորին Սրբութիւնը իր գրասենեակի պատուհանէն կ՛արտասանէ Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքը իսկ յետմիջօրէին այցելութիւն կը կտարաէ Հռոմի ''Կուիտոնիա'' թաղապետութեան ժողովրդապետութեան ու պատարագ պիտի մատուցէ ''Աղօթքի Տիրամօր'' նուիրուած եկեղեցւոյ մէջ։
Սրբազան Քահանայապետը, ի շարս այլ անուանումներու, Կարտինալ Ժան Լուի Թոռանը` միջկրօնական Քահանայապետական խորհուրդի նախագահ, անուանեց յատուկ նուիրակ, գլխաւորելու համար Ալճերիոյ մէջ վերանորոգուած Սուրբ Օգոստինոսի Սրբավայրի օծումը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 2 մայիս 2014-ին, Սրբավայրի կառուցման հարիւր ամեակի առիթով։







All the contents on this site are copyrighted ©.