2014-03-15 12:34:37

Վատիկանը կը ճանչնայ ամերկացի գերապայծառ ֆուլթոն Շինի միջնորդութեամբ կատարուած մէկ հրաշքը` մեռած նորածին մը հրաշքով կը վերակենդանանայ


Վատիկանի բժշկական մէկ յանձնախումբը պաշտօնապէս ճանչցած է ԱՄՆի Բեորեա (Peoria) թեմի կաթողիկէ արքեպիսկոպոս ֆուլթոն Շինի միջնորդութեամբ կատարուած մէկ հրաշքը։ Սեպտեմբեր 2010, Բեորեա (Peoria) թեմի մէջ, առանց կեանքի ծնած մանուկի սիրտը, իր ծնանելէն մէկ ժամ ետք, սկսաւ տրոփել։ Նախապէս անոր ծնողները դիմած են արքեպիսկոպոս ֆիլթոն Շինիի բարեխօսութեան։ Այս հրաշքին ճանաչումով ֆիլթոն Շինի սրբութեան դատը աւելի արագ կը յառաջանայ։ Արքեպիսկոպոսը վախճանած է 1979-ին եւ ճանչցուած որպէս ԱՄՆի Աւետարանի առաջին քարոզիչը հեռուսատեսիլի միջոցաւ։
Վատիկանի բժշկական յանձնախումբը պաշտօնապէս ճանչնալէ ետք հրաշքը ՝ներկայիս, կ'ուսումնասիրուի աստուածաբանական խորհուրդէն. վաւերացումի պարագային՝ սուրբերու դատի խորհրդատու կարտինալներն ու եպիսկոպոսները գերապայծառ ֆիլթոն Շինի երանացումը՝ կ'առաջարկեն ֆրանչիսկոս Քահանայապետին։ Յայտնենք որ գերապայծառ Շին 2012-ին Պենետիկտոս ԺԶ Քահայանապետէն ճանչցուած է որպէս Աստուծոյ ծառայ։ Արքեպիսկոպոս ֆ.Շին ծնած Իլլինուայի Պազօ շրջանը 1895-ին։ Ան եղած է ԱՄՆի հաւատոյ տարածման ժողովի ազգային գրասենեակին տնօրէնը։ Հեղինակ է բազմաթիւ աստուածաբանական ու հոգեւոր հատորներու։ Խմբագիր երկու հոգեւոր պարբերաթերթերու։ Աւելի քան 25 տարիներուն ընթացքին եղած է դասախօս ձայնասփիւռին մէջ։ Հեռուստատեսիլի միջոցաւ շաբաթական յայտագիր մը կը ներկայացնէր ''կեանքը կ'արժէ ապրիլ'' վերնագիրով։ Ինչպէս ըսինք, Աստուծոյ ծառան եղած է ԱՄՆի Աւետարանի առաջին քարոզիչը հեռուսատեսիլի միջոցաւ։







All the contents on this site are copyrighted ©.