2014-03-15 09:15:41

Ուքրանիոյ տագնապին շուրջ Լաւրով – Քերրի հանդիպումը ''շինիչ'' կը նկատուի։


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով ամերիկացի իր պաշտօնակից Ճոն Քերրիի հետ Լոնտոնի մէջ իր ունեցած հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ Ռուսիա եւ Միացեալ Նահանգներ Ուքրանիոյ տագնապին նկատմամբ «հասարակաց պատկերացում» մը չունին, սակայն հանդիպումը «շինիչ» էր:
Քերրի ըսաւ, որ Մոսկուա պիտի յարգէ Խրիմի մէջ վաղը Ռուսիոյ միանալու շուրջ հանրաքուէին արդիւնքը, սակայն նշեց միաժամանակ, որ Միացեալ Նահանգներ զայն պիտի չճանչնան: Վեց ժամ տեւած հանդիպումէն ետք` Լաւրով ըսաւ, որ Ռուսիա Արեւելեան Ուքրանիա ներխուժելու նպատակ չունի:
Քերրի, որ բանակցութիւնները «ուղղակի եւ անկեղծ» նկատեց, ըսաւ, որ իր երկիրը Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ «օրինական շահերը» կը ճանչնայ: Ան ըսաւ, որ Ուաշինկթըն Խրիմի մէջ տեղի ունենալիք «ապօրինի» հանրաքուէին նկատմամբ իր կեցուածքը չէ փոխած` աւելցնելով, որ հետեւանքներ պիտի ըլլան, եթէ Ռուսիա «ընթացքը փոխելու ձեւ մը չգտնէ»: Սակայն Լաւրով նշեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին պատրաստ չէ քուէարկութենէն առաջ որոշում մը տալու:
Նշենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ «Քիեւի իշխանութիւնները Ուքրանիոյ կացութեան չեն վերահսկեր, եւ Ռուսիա իրեն կը վերապահէ Ուքրանիոյ մէջ իր քաղաքացիները պաշտպանելու իրաւունքը»:
Յայտնենք որ Խրիմի բնակիչներուն աւելի քան 90 առ հարիւրը կը պաշտպանէ Ռուսիոյ դաշնութեան կազմ մտնելու որոշումը: Այդ մասին կը վկայեն թերակղզիին տարածքին «ՍՈԵԶ» հասարակական կարծիքի ուսումնասիրման ոչ առեւտրական քաղաքացիական նախաձեռնութեան անդամներուն կատարած հարցախոյզին արդիւնքները:
Ըստ ընկերաբաններու տուեալներուն, հարցախոյզի մասնակիցներուն բացարձակ մեծամասնութիւնը (97 առ հարիւր) բացասական գնահատած է այսպէս կոչուած Եւրոպական Մայտանի հետեւանքները, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ ոչ տիտղոսային ազգերու իրաւունքները սահմանափակելու նոր իշխանութեանց նախաձեռնութիւնները:
Հարցախոյզը ցոյց տուած է, որ Խրիմի տասը բնակիչներէն ինը Քիեւի գործող իշխանութիւնը կը նկատեն ոչ օրինական, ինչպէս նաեւ բացասաբար տրամադրուած են ուքրանական աջակողմեան արմատական ազգայնական կազմակերպութիւններու(«Աջ բաժին», ՈՒՆԱ-ՈՒՆՍՕ եւ այլ կազմակերպութիւններու) նկատմամբ:
Բացի ատկէ, իւրաքանչիւր երրորդ մասնակիցի կարծիքով, Խրիմի շուրջ բացասական տեղեկատուական ենթահողը կը շիկանայ Արեւմտեան Եւրոպայի որոշ երկիրներու եւ Միացեալ Նահանգներու կողմէ:
Խրիմի հայկական համայնքի ազգային խորհուրդը որոշեց մասնակցիլ կիրակի օր տեղի ունենալիք հանրաքուէին, հայերը, պուլկարները, յոյները եւ գերմանացիները կազմած են մէկ միաւորում եւ կը պահանջեն, որ Խրիմի թաթարներուն նկատմամբ գործադրուելիք դրոյթները նաեւ գործադրուին միւս փոքրամասնութիւններուն նկատմամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.