2014-03-15 09:23:33

Նիճերիա։ Անցեալին իրարու ոխերիմ Հովիւ մը եւ Իմամ մը, ներկայիս միասնաբար կը գործեն խաղաղութեան համար` ատելութենէն բարեկամութիւն։


Բողոքական հովիւ Ճէյմս Ուէյ James Wuye եւ իմամ Մուհամատ Աշաֆա միասնաբար կը գործեն խաղաղութեան ու հաշտութեան համար հիւսիսային Նիճերիոյ Քատունա քաղաքին մէջ, հակառակ որ անցեալին ոխերիմ թշնամի էին։
Անոնք ներկայիս միասնաբար հիմնած են միջկրօնական միջնորդութեան կեդրոն ունենալով որպէս կէտնպատակ խաղաղութիւնն ու հաշտութիւնը հաստատել քրիստոնեայ եւ մահմետական համայնքներու միջեւ։
Այս ''դարձին'' մասին խօսելով` Իմամ Աշաֆա յայտնեց որ ատելութենէն ներումի անցաւ շնորհիւ այլ իմամի մը քարոզին որ մէջբերելով Գուրանի մէկ համարը կը խրախուսէ հաւատացեալը չարը բարիի դարձնել եւ ոխերիմ թշնամիին հետ բարեկամանալ։Իսկ բողոքական հովիւը յայտնեց թէ իր եղբայրակիցը իրեն ըսած է ''կարելի չէ Աւետարանը քարոզել երբ սիրտը ատելութեամբ լեցուն է''։ Երկու կղերականները այն եզրակացութեան յանգած են որ կրօնը կը սատարէ կամուրջներ կառուցանելու։








All the contents on this site are copyrighted ©.