2014-03-15 12:42:59

ՄԱԿին կոչը վերջ դնելու Սուրիոյ մշակութային ժառանգութեան կործանումին։


''Քիչ են այն երկիրները, որ փառաւոր ու հարուստ անցեալ մը ունեցած են եւայնքան թիրախ դարձած` իրենց անցեալի մշակութային ժառանգութեան կողոպուտի ու կործանումի'', յայտարարած է Լախտար Իպրահիմի` ՄԱԿի ու Արաբական լիկայի Սուրիոյ մօտ միջնորդ։
Ան ՄԱԿի ընդհանուր տնօրէնին հետ միասին դատապարտած է մարդկութեան ժառանգութեան դէմ կատարուած արարքը, մատնանշելով որ նախաքրիստոնէական, քրիստոնէական, եւ իսլամական մշակութային ժառանգութեան կործանումը կը զրկէ սուրիացիները իրենց փառաւոր անցեալէն ու դժուար կը դարձնէ հաշտութեան փորձերը։
ՄԱԿի ընդհանուր տնօրէնը մասնաւորապէս կը դատապարտէ ծայրայեղ մահմետականներու քստմնելի վարմունքը գաղափարախօսական պատճառներու հետեւանքով։
ՄԱԿը եւ Ունեսքոն միասին կոչ կ'ուղղեն որպէսզի վերջ դրուի Սուրիոյ մշակութային ժառանգութեան կործանումին, շարունակական կողոպուտներու ու մշակութային հարստութիւններու վաճառքին։
Իր կարգին, գերապայծառ Մարուն Լահամ` տեղապահը Ամմանի լատին պատրիարքութեան, յայտարարած է որ միայն մարգարէ մը կրնայ հասկնալ Սուրիոյ ճակատագիրը։ Ասատի վարչաձեւը տակաւին ամուր է եւ ընդդիմադիրները իրարու միջեւ բաժնուած ու անհամաձայն են։ Բարեբախտաբար Արեւմուտքը սկսաւ հասկնալ որ կարելի չէ Սուրիան թողուլ ծայրայեղ մահմետականներու ձեռքը – յայտարարծ է Լահամ եպիսկոպոսը։








All the contents on this site are copyrighted ©.