2014-03-15 12:52:42

Համաշխարհային դրամատունը 30 միլիոն տոլար պիտի յատկացնէ Հայաստանի կրթական ոլորտին


Համաշխարհային դրամատան (ՀԴ)գործադիր տնօրէններու խորհուրդը Մարտ 13-ին հաստատած է 30 միլիոն տոլար ֆինանսաւորման յատկացումը Հայաստանի կրթական ոլորտի բարելաւման ծրագիրին:
Ըստ Սիվիլնեթի՝ ՀԴ հայաստանեան գրասենեակի տարածած հաղորդագրութեան համաձայն` ծրագիրը պիտի աջակցի նախնական կրթութեան համար երեխաներու պատրաստուածութեան եւ միջնակարգ դպրոցներու ֆիզիկական պայմաններու բարելաւման, պիտի խթանէ Հայաստանի բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններու ու աշխատաշուկայի միջեւ կապերու մեծացման:
Աղքատ գիւղական բնակավայրերու մէջ նախադպրոցականներու ընդգրկման ընդլայնումին ուղղուած նոր ծրագիրին շնորհիւ պիտի բարելաւուի առաջին դասարան ընդունուող երեխաներու պատրաստուածութիւնը դպրոցին, որուն արդիւնքով տարեկան մօտ 2400 երեխայ պիտի դառնայ շահառու: Մարզերու մէջ պիտի վերակառուցուի 17 աւագ դպրոց, պիտի իրականացուին հիմնանորոգման եւ անվտանգութեան չափանիշներու բարելաւման աշխատանքներ, որոնց շահառուները պիտի հանդիսանան աւագ դպրոցի 10 200 աշակերտներ: Ծրագրային աշխատանքները ուղղուած պիտի ըլլան բնակչութեան խոցելի խումբերուն, որոնց շարքին` էթնիկ խումբերուն եւ հաշմանդամութիւն ունեցող երեխաներուն:
«Ծրագիրը պիտի շարունակէ բարելաւել կրթական ծառայութիւններու համապատասխանութիւնը բոլոր մակարդակներու վրայ, որոնց շարքին համալսարանական` հասանելի ու որակեալ կրթութիւն ապահովելու միջոցով, ատով իսկ նպաստելով երկրի մարդկային աշխատուժի ձեւաւորման, որ անհրաժեշտ է տնտեսութեան մրցունակութեան մեծացման համար»,- ըսած է Համաշխարհային դրամատան Հայաստանի գրասենեակի ղեկավար Ժան Միշել Հափին:
Կը նշուի, որ ծրագիրը նախ պիտի աջակցի Կրթական արհեստագիտութեան ազգային կեդրոնի հզօրացման` դպրոցական ցանցի մշտադիտարկման, տեղեկատուական ու կապի արհեստագիտութեան համարժէք ծածկոյթի եւ բոլոր կրթական հաստատութիւններուն եւ հասարակութեան ժամանակին համապատասխան հրապարակային տեղեկատուութեան ապահովման հարցերուն:
«Ծրագրի արդիւնքով աւելի քան 12 000 հինգ տարեկան երեխաներ, որոնք կ’ապրին նախակրթարան չունեցող աղքատ գիւղական բնակավայրերու մէջ, պիտի ունենան դպրոցին մէջ տրուող անհրաժեշտ գիտելիքներ»,- նշած է ՀԴ ծրագրային խումբի ղեկավար Քրիսթիան Այետոն:
Ծրագրի ընդհանուր ֆինանսաւորումը կը կազմէ 37,5 միլիոն տոլար, որմէ 7,5 միլիոն տոլարը կը տրամադրուի ՀՀ կառավարութեան կողմէ` իբրեւ համաֆինանսաւորում: Համաշխարհային դրամատունը պիտի տրամադրէ 15 միլիոն տոլար փոխառութիւն Միջազգային զարգացման ընկերակցութեան (ՄԶԸ) standard պայմաններով` 1,25% տարեկան տոկոսադրոյքով, 25 տարի ժամկէտով, 5 տարի արտօնեալ ժամանակահատուածով, ինչպէս նաեւ 15 միլիոն տոլար վարկ Վերակառուցման եւ զարգացման միջազգային դրամատան (ՎԶՄԲ) ՎՄԲ վերահաշուարկուող տոկոսադրոյքով, 10 տարի արտօնեալ ժամանակահատուածով եւ մարման 25 տարի ժամկէտով:







All the contents on this site are copyrighted ©.