Թրիփոլիի զինեալ բախումները զոհեր եւ վիրաւորներ կը պատճառեն
Լիբանան, Ժապալ Մըհսենի եւ Պապ Թըպպանէի միջեւ զինեալ բախումներու 20-րդ փուլը, որ սկսած
էր նախանցեալ օր, բուռն թափով շարունակուեցաւ նաեւ երէկ, երբ արձակազինութիւնը շարունակուեցաւ,
ինչպէս նաեւ կրակոցներն ու նռնականետերու եւ հրասանդերու հարուածները պատճառեցին մարդկային
ու նիւթական հսկայական վնասներ: Այս մասին կը հաղորդէ Լիբանանի “Ազդակ” օրաթերթը: Լիբանանեան
բանակը հակադարձեց կրակոցներուն եւ քաղաքացիները արձակազէններուն փամփուշտներէն փրկելու
համար փակ պահեց Պըտտաուիի եւ Աքքարի մայրուղիները: Երէկ երեկոյեան հաղորդուեցաւ,
որ զոհերուն թիւը արդէն իսկ հասած է վեցի, իսկ 43 վիրաւորուած քաղաքայիններուն կողքին
լիբանանեան բանակին շարքերուն մէջ ալ արձանագրուած են հինգ վիրաւորներ: Թրիփոլիի մէջ
երէկ բոլոր դպրոցներն ու համալսարանները փակ մնացին` քաղաքացիներուն անվտանգութեան երաշխաւորման
նպատակով: Նշենք, որ երեկոյեան ժամը 9:00-էն ետք Թրիփոլիի մէջ ընթացող զինեալ բախումները
սաստկացան: Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպարա զարմանք յայտնեց, որ Թրիփոլիի
մէջ ժամացոյցին սլաքները ետ գացած են եւ զինեալ բախումները դարձեալ ծայր առած: Իր
բնակարանին մէջ տեղի ունեցած Իսլամ կրօնաւորներու համախմբումին հետ գումարած իր նիստէն
ետք, Քապպարա երկրին իշխանութիւններէն պահանջեց հետապնդել բոլոր յանցագործները եւ բանտարկել
զանոնք: Իսլամ կրօնաւորներու համախմբումին անունով խօսք առաւ շէյխ Սալեմ Ռաֆիյի, որ
յայտնեց, թէ Թրիփոլին վերածուած է նամակատուփի մը, որ կ՛օգտագործուի ամէն անգամ որ երկիրը
հարցերու դէմ յանդիման գտնուի: Ռաֆիյի յայտնեց, որ անհրաժեշտ է ձերբակալել Արաբական
ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Ալի Իտը` աւելցնելով, որ նոր կառավարութեան կազմութիւնը
իրենց յոյս ներշնչած է սկիզբը, սակայն աւելի ուշ ի յայտ եկած է, որ խուզարկումները շատցած
են, եւ երկիրը կարծէք վերածուած է զինուորական կեդրոնի մը: Միւս կողմէ, Թըպպանէի զինուորական
պատասխանատուներէն Ատել Ղամրաուի տեսանիւթի մը ընդմէջէն խիստ կերպով սպառնաց Արաբական
ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Ալի Իտի զաւկին` Ռիֆաաթ Ալի Իտի դէմ: