2014-03-14 09:20:21

Կարտինալ Քասբերին համար Եկեղեցին պէտք չէ դատէ երկրորդ անգամ պսակուած զոյգերը` ''ողորմութիւն եւ ճշմարտութիւն''։


Ողորմութիւնը կապուած է ճշմարտութեան նոյնպէս ճշմարտութիւնը` ողորմութեան։Եկեղեցին, ըսաւ կարտինալ Քասբեր, բնաւ պէտք չէ դատէ հաւատացեալը ձեռքը սուրը բռնած, այլ ընդհակառակը, պէտք է մնայ ողորմութեան բաց դուռ մը, կարելիութիւն տալով հաւատացեալին նոր կեանք մը սկսելու։ Կարտինալ Քասբեր այս յայտարարութիւնը կատարեց, իտալական "La Repubblica" օրաթերթին հետ, ամուսնալուծուած եւ ապա կրկին պսակուածներու ''սուրբ հաղորդութեան խորհուրդի'' մօտենալու կարելիութեան մասին զեկուցելով ։
Գերմանացի կարտինալին գնահատումով եկեղեցին ''լճացած ջուր մը չէ'' այլ ''հոսուն գետ մըն է''։Զեկոյցի ընթացքին Կարտինալ Քասբեր յայտնած է թէ ֆրանչիսկոս Քահանայապետը անձամբ խնդրած է խորհդակցիլ ամուսնալուծուած եւ ապա կրկին պսակուածներու հարցին մասին, ու մատնանշած է որ կարգ մը եկեղեցականներ արգելք կը հանդիսանան այս նիւթին մասին վիճաբանելու։
Նշենք որ կարտինալ Քասբեր, Սրբազան Քահանայապետի խնդրանքով ընտանիքի մասին երկարաշունչ զեկոյց մը տուած է կարտինալներու առջեւ, անցեալ Փետրուարին, եւ կարգ մը ուղղութիւններ ու կարելիութիւններ առաջարկած է ամուսնալուծուած եւ ապա կրկին պսակուածներու Ս. Հաղորդութեան մօտեցումի մասին, ապաշխարութեան խորհուրդի մատակարարումէն ետք։







All the contents on this site are copyrighted ©.