2014-03-14 09:00:17

«Հալէպի Առաջնորդները առեւանգող կողմը տարբեր է մայրապետները առեւանգող խմբաւորումէն» յայտնեց Ապպաս Իպրահիմ


Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ Հալէպի առաջնորդներ Իպրահիմ Եուհաննա եւ Պուլոս Եազիժի եպիսկոպոսները առեւանգող կողմը տարբեր է մայրապետները առեւանգող խմբաւորումէն` աւելցնելով, որ եպիսկոպոսներուն թղթածրարը աւելի բարդ է, սակայն այդ իմաստով աշխատանք կը տարուի:
Ապպաս Իպրահիմ յայտնեց, որ առեւանգող կողմին հետ բանակցութիւնները ընթացքի մէջ են` նկատել տալով միաժամանակ, որ անհրաժեշտ է մօտիկ ապագային լուծել նաեւ առեւանգուած եպիսկոպոսներուն թղթածրարը:
Ան հաստատեց, որ մայրապետներուն ազատ արձակումը կատարուած է շնորհիւ այդ առնչութեամբ ընթացած լուռ աշխատանքին, գաղտնապահութեան, Լիբանանի ու Սուրիոյ նախագահներ զօր. Միշել Սլէյմանի եւ Պաշշար Ասատի ցուցմունքներուն ու տրամադրած դիւրութիւններուն, ինչպէս նաեւ քաթարեան կողմին բանեցուցած ճնշումներուն:







All the contents on this site are copyrighted ©.