2014-03-13 10:14:11

Եօթներու խմբակը Ռուսիան կը զգուշացնէ Խրիմը իրեն կցելէն


Եօթներու խմբակի անդամ երկիրներու ղեկավարները Ռուսիոյ կոչ ուղղեցին Խրիմը իրեն կցելու բոլոր ջանքերը դադրեցնելու` յայտնելով, որ եթէ Ռուսիա այդպիսի քայլ մը առնէ, «իրենք առանձնաբար եւ հաւաքաբար յաւելեալ քայլեր պիտի որդեգրեն»:
Եօթներու խմբակի ղեկավարները նաեւ ընդգծեցին, որ իրենք 16 մարտին Խրիմի մէջ նախատեսուած հանրաքուէի արդիւնքները պիտի չճանչնան: Նշենք, որ եօթներու խմբակի անդամներն են Բրիտանիան, Քանատան, Ֆրանսան, Գերմանիան, Իտալիան, Ճափոնը եւ Միացեալ Նահանգները:
Մինչ այդ, Ուքրանիոյ ազգային անվտանգութեան ղեկավար Անտրէյի Փարուպիյի զգուշացուց, որ Ուքրանիոյ սահմանին վրայ մեծաթիւ ռուսական զօրքեր հաւաքուած են: «Ռուսական բանակը Քիեւէն միայն 2¬3 ժամ հեռաւորութեան վրայ կը գտնուի», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Ուքրանիոյ զինեալ ուժերը դիրքաւորուած են որեւէ ուղղութենէ եկող յարձակում մը ետ մղելու համար:
«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Պուլկարիոյ, Ռումանիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու ծովուժերը Սեւ ծովու արեւմտեան հատուածին մէջ կը կատարեն միացեալ ռազմափորձեր, որոնք նախապէս յետաձգուած էին եղանակային անբարենպաստ պայմաններու պատճառով: Ամերիկեան կողմը ընդգծած է, որ ամերիկեան «Թրաքսթըն» մարտանաւի Սեւ ծովուն մէջ ներկայութիւնը որեւէ կապ չունի Ուքրանիոյ մէջ ստեղծուած ներքաղաքական ճգնաժամի հետ:
«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ իր երկրին Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստին ընթացքին յայտնած է. «Պիելոռուսիան պատշաճ պատասխան պիտի տայ ՕԹԱՆ¬ի ուժերու երկրի սահմաններուն մօտ ամրապնդման»` աւելցնելով, որ «Պիելոռուսիան Ռուսիոյ պիտի առաջարկէ լրացուցիչ 15 օդանաւ տեղակայել երկրին մէջ»: Ըստ անոր, իրենք պարտաւոր են արձագանգել եւ պաշտպանել իրենց շահերը:







All the contents on this site are copyrighted ©.