2014-03-13 10:58:18

Եգիպտոսի կառավարութիւնը իր հսկողութեան ներքեւ կ'առնէ երկրի բոլոր մզկիթները` աւելի քան 120 հազար աղօթավայրեր առնչուած են կրօնական ինչքերու նախարարութեան։


Եգիպտոսի կառավարութիւնը անցեալ 11 մարտ 2014-ին որոշած է իր հսկողութեան ներքեւ առնել երկրի բոլոր մզկիթները, շուրջ 120 հազար աղօթավայրեր, եւ զանոնք առնչել կրօնքի ինչքերու նախարարութեան։ Մինչեւ օրս միմիայն 40 հազար մզկիթները կախում ունէին վերոյիշեալ նախարարութենէն, այլ մզկիթները կը կառավարուէին անհատներէ եւ մասնաւորապէս ծայրայեղ մահմետականներէ ու իսլամ եղբայրներ կոչուած կազմակերպութենէն։
Այս նոր կարգադրութեամբ պետութիւնը իր հսկողութեան տակ կ'առնէ մզկիթները ու կը միաւորէ ուրբաթ օրուայ քարոզը, արտաքսելով հազարաւոր ծայրայեղ Իմամներ։
Նախապէս կառավարութիւնը ազգայնացուցած է իսլամ եղբայրներու պատկան դպրոցները, դարմանատուները ու բարեսիրական կեդրոնները։ Այս որոշումով կառավարութիւնը վերջ կ'ուզէ դնել ծայրայեղ իսլամութիւն տարածող քարոզիչները, արձագանգը հանդիսանալով մեծ մզկիթ` Ալ Ազհարի հանդրժողական ոճին ու քարոզութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.