2014-03-12 11:29:16

Վատիկանի մէջ Հոգեւոր Կրթութեան սովորութիւնը ։


Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի որոշումով, 2014-ի Քառասնորդաց շրջանի հոգեւոր կրթութիւնը, կը կատարուի Հռոմի Արիչչա կոչուած գիւղաքաղաքի մէկ կրօնաւորական կեդրոնի մէջ, հեռու աշխատանքային միջավայրէն։ Հոգեւոր կրթութիւնը, որուն Քահանայապետի հետ միասին կը մասնակցին նաեւ Հռոմի Քուրիայի անդամները, սկիզբ առաւ անցեալ կիրակի 9 մարտի երեկոյեան ու վերջ պիտի գտնէ ուրբաթ 14 մարտի առաւօտեան։ Հոգեւոր կրթութեան քարոզիչն է Հայր Անճելօ Տէ Տոնադիսը որ իր խորհրդածութիւնները կը կեդրոնացնէ ''սրտի բիւրեղացում'' նիւթին մասին։
Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի պաշտօնական բոլոր գոծունէութիւնները ընդհատուած են, ներառեալ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը։
Վատիկանի մէկ շաբաթ տեւող Հոգեւոր Կրթութեան սովորութիւնը սկիզբ առած է Պիոս ԺԱ .ի օրով 1929-ին Յիսնակաց շրջանի ժամանակ` ի պատրաստութիւն սուրբ ծննդեան տօնին։ 1964 թուականին երջանկայիշատակ Պօղոս Զ.ի օրով որոշուեցաւ այս թուականը փոխել եւ տարեկան հոգեւոր կրթութիւն կատարել քառասնորդաց շրջանի ընթացքին առ ի պատրաստութիւն Սուրբ Զատկուայ Յարութեան Տօնին։
Յիսնակաց շրջանի հոգեւոր կրթութեան սովորութիւնը սակայն չէ ընդհատած ու տակաւին կը շարունակուի եւ յանձնուած է Քահանայապետական տան քարոզիչին։ Նշենք որ Քառասնորդաց շրջանի քարոզիչի պարտականութիւնը 1976-ին յանձնուած էր երջանկայիշատակ Կարտինալ Գարոլ Վոյթիլային ապագայ ՅՊԲ իսկ Կարտինալ Ժոզէֆ Րադսինկէրը, Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետը այս պաշտօնը ստանձնած էր 1983 թուականին։








All the contents on this site are copyrighted ©.