2014-03-12 10:07:53

Զուիցերիա որոշեց բողոքարկել մարդկային իրաւանց Եւրոպական դատարանի վճիռը


Զուիցերիական «Լը Թան» օրաթերթի կայքը երէկ երեկոյեան հաղորդեց, որ Զուիցերիա որոշած է Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի լիագումար նիստին մօտ բողոքարկել 17 դեկտեմբեր 2013-ին Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանի կայացուցած այն վճիռը, ըստ որուն, Զուիցերիան խախտած է Թուրքիոյ Աշխատաւորական կուսակցութեան ղեկավար Տողու Փերինչեքի խօսքի ազատութիւնը, երբ զուիցերիական դատարանը զինք դատապարտած է Հայոց ցեղասպանութիւնը «միջազգային սուտ մը» կոչելուն համար:
«Լը Թան» կը գրէ, որ բողոքարկելու որոշումը յայտարարած Զուիցերիոյ արդարադատութեան նախարարութիւնը իր կայքին վրայ հաղորդած է. «Մարդկային իրաւանց եւրոպական ուխտը կը նախատեսէ հարց մը դատարանի լիագումար նիստին կողմէ վերստին քննել, մանաւանդ եթէ այդ հարցը ուխտի մեկնաբանութեան կամ գործադրութեան վերաբերող լուրջ հարց մը կը յառաջացնէ: Այս պարագային, հարցը կը վերաբերի (զուիցերիական. «Ա.») քրէական օրէնսգիրքի 1 յունուար 1995-ին ուժի մէջ մտած 261-րդ յօդուածի յաւելուածին մէջ նշուած հակացեղապաշտական չափանիշի գործադրութեան մէջ զուիցերիական իշխանութեանց տրամադրութեան տակ եղող խուսանաւման սահմանին»:







All the contents on this site are copyrighted ©.