2014-03-11 10:17:33

Քաթրին Էշթըն Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկչեան վանք ացելած Է


Երկուշաբթի՝ 10 Մարտ 2014-ին, երեկոյեան ժամը 4։30-ին, Եւրոմիութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Քաթրին Էշթըն ժամանեց Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկչեան վանք։ Ս.Ա. վանքին մէջ Քաթրին Էշթընին եւ անոր ընկերացող պատուիրակութեան՝ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ գերշ. Տ. Բաբգէն եպս. Չարեանի գլխաւորութեամբ, դիմաւորեցին Շահինշահրի համայնքի հոգեւոր տեսուչ հոգշ. Տ. Անանիա վրդ. Գուճանեանը, Պատգամաւորական ժողովի, Թեմական, Կրօնական եւ այլ մարմիններու ատենապետները եւ ներկայացուցիչները։ Այս մասին կը հաղորդէ «Իրանահայեր» լրատուական կայքը:
Պատուիրակութեան անդամները նախ այցելեցին որմանկարներով զարդարուած, 350-ամեայ հնութիւն ունեցող Ս. Ամենափրկչեան վանքի «Ս. Յովսէփ Արեմաթացի» եկեղեցի, ուր Վանքի «Կոմիտաս» երգչախումբը խմբավարութեամբ պրն. Արմէն Ամիրխանեանի հանդէս եկաւ ս. Պատարագէն «Մարմին տէրունական», «Քրիստոս ի մէջ մեր յայտնեցաւ»եւ «Սուրբ, սուրբ» երգերով եւ իր ելոյթն աւարտեց «Կիլիկիա» երգով։ Տիկի Քաթրին Էշթըն եւ պատուիրակութեան անդամները հիացմունքով ունկնդրեցին ս. Պատարագէն երգուած կտորները, ապա հմայուած դիտեցին եկեղեցւոյ գունազարդ որմանկարները, որոնք կը ներկայացնեն Հին ու Նոր կտակարաններուի ամբողջ պատմութիւնը, եկեղեցւոյ խորհուրդները, Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի չարչարանքները եւ մանաւանդ Դրախտ-Դժոխք սքանչելի պատկերը։
Այնուհետեւ պատուիրակութեան անդամները բարձրացան Վանքի Ծաղկեայ դահլիճ, ուր առաջնորդ Սրբազանը բարի գալստեան խօսք արտայայտելով հիւրին եւ պատուիրակութեան միւս անդամներուն, անդրադարձաւ իրանահայութեան կեանքին ու անոնց ունեցած առաւելութիւններուն եւ իրաւունքներուն։ Բացատրեց թէ ինչպիսի կազմակերպուած համայնքներ են, եւ որ ինչպիսի աշխոյժ կեանք կը վարեն հոգեւոր, ազգային ու մշակութային ոլորտներու մէջ։ Ան մատնանշեց կառավարութեան հետ սերտ յարաբերութիւնը եւ ներկայացուց Իրանը որպէս համագոյակցութեան երկիր եւ նշեց, որ 400 տարիներէ ի վեր հայերը, որպէս քրիստոնեաներ, իսլամ եղբայրներու ու քոյրերու հետ ապրած են յարգանքով եւ սիրով։ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Եւրոմիութեան խորհրդարանին Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալուն համար, միաժամանակ անդրադարձաւ Զուիցերոյ դատարանին կողմէ դատապարտուած թուրք գործիչ Տողու Փերինչէքի արդարացման վճիռին, յիշեցնելով, որ մէկ ամիս առաջ Մեծի տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա Կաթողիկոս, նամակով մը բողոքարկած է Զուիցերիոյ դատարանին՝ ընթերցելով Վեհափառ Հայրապետի նամակէն հատուած մը։
Սրբազան Հայրը իր խօսքի շարունակութեան մէջ կարեւորութեամբ ընդգծեց, որ Իրանի պետութիւնը միշտ զօրակցած է մեզ՝ մեր եկեղեցիներու ու մշակութային կոթողներու պահպանման գործին, մինչդեռ ասկէ քանի մը տարի առաջ Ատրպէյճանի մէջ ազերիները աւերեցին Հին Ջուղայի պատմական արժէք ներկայացնող խաչքարերը, որ ինքնին մշակութային ցեղասպանութիւն է։ Թեմակալ Առաջնորդը աւարտելով իր արտայայտութիւնները՝ յոյս յայտնեց, որ Եւրոխորհրդարանը կը բարձրաձայնէ այս մասին, կը ճանչնայ մարդկային իրաւունքները եւ կը դատապարտէ նման արարքները, որպէսզի այլեւս չթոյլատրուին նման ցեղասպանութիւններու շարունակութիւնը այլուր։
Սրբազան Հօր խօսքերէն ետք արտայայտուեցաւ Տիկին Քաթրին Էշթըն, վստահեցնելով, որ անպայման պիտի հետեւի եւ պաշտպանէ մարդկային իրաւունքները եւ ներկայացուած խնդիրները։
Պաշտօնական հանդիպման աւարտին առաջնորդ Սրբազան Հայրը յանուն ազգային իշխանութեան յուշանուէրներ յանձնեց Քաթրին Էշթընին։ Ապա պատուիրակութեան անդամները այցելեցին ս. Ամենափրկչեան վանքի «Խաչատուր Կեսարացի» անուան թանգարան, ուր առաջնորդ Սրբազան Հայրը Հայոց ցեղասպանութեան տաղաւարին առջեւ երկար բացատրութիւններ տալով իրագործուած ոճիրին վերաբերեալ, քարտէսի վրայ ցոյց տուաւ այն վայրերը, ոսր իրագործուած են Հայոց ցեղասպանութիւնը, ինչպէս նաեւ Տէր-Զօրէն բերուած նահատակներու աճիւններու բեկորները, այնուհետեւ շրջելով թանգարանին մէջ՝ ներկայացուց 10-րդ դարէն մինչեւ 18-րդ դարու ձեռագիրները, եկեղեցական սպասները, իւղաներկ պատկերներն ու զանազան այլ արժէքաւոր ցուցանմուշները։ Սրբազան Հայրը յատկապէս անդրադարձաւ անգլիական տպամեքենային, որ ս. Ամենափրկչեան վանքին մէջ աշխատած երրորդ տպագրական մեքենան եղած է, նաեւ խօսեցաւ Խաչատուր վրդ. Կեսարացիի մասին, որ՝ իր եւ իր գործակիցներու ջանքերով, ս. Ամենափրկչեան վանքին մէջ հիմնադրած է Իրանի եւ Միջին Արեւելքի առաջին տպարանը։
Այցելութեան աւարտին հիւրը գրառում կատարեց թանգարանի յուշամատեանին մէջ, այնուհետեւ թանգարանի մուտքի առջեւ պատուիրակութեան անդամները առաջնորդ Սրբազան Հօր եւ ազգային մարմիններու հետ հաւաքական լուսանկարուելէ ետք, հրաժեշտ տուին։







All the contents on this site are copyrighted ©.