2014-03-10 10:02:08

ֆրանչիսկոս Քահանայապետը պատարագի հրաւիրած է Իտալիոյ ազգային ժողովականներն ու ծերակուտականները։


ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Իտալիոյ ազգային ժողովականներն ու ծերակուտականները հրաւիրած է` յառաջիկայ 27 մարտին, ս. Պետրոս տաճարի գետնադամբանին մէջ մասնակցելու Սուրբ Պատարագի զոհին, կը հաղորդագրէ իտալական մամուլը, հրապարակելով Սրբազան Քահանայապետին նամակը ուղղուած Ազգային Ժողովի մատրանապետ` գերապայծառ Լորենցօ Լէուցցիի։ Նամակին մէջ, Սրբազան Հայրը կը գրէ. ''Աստուծմէ կը խնդրեմ որ աւելցնէ թիւը քաղաքական այն մարդոց, որոնք կարող ըլլան ճշմարիտ երկխօսութիւն հաստատել աշխարհի չարիքը յաղթահարելու եւ ազդուօրէն ամոգելու այդ չարիքին արմատները''։








All the contents on this site are copyrighted ©.