2014-03-10 09:59:03

Եկեղեցական Գիտելիքներ
Բ. Շաբաթ Քառասնորդաց. Ադամի արտաքսումը դրախտէն
(9-16 Մարտ 2014)


RealAudioMP3 Քառասնորդաց երկրորդ շաբաթը որակուած է որպէս յիշատակը Ադամ եւ Եւայի արտաքսումին երկրաւոր դրախտէն։ Արդէն վարագոյրը որ կը քաշուի խորանին առջեւ կը խորհրդանշէ թէ մարդիկ, նման իրենց նախահօր` Ադամի, դուրս կը մնան Տիրոջ բնակութենէն եւ արժանի չեն ըլլար զինք տեսնելու յայտնապէս, մինչեւ որ քաւեն իրենց մեղքերը 40 օրերու ընթացքին եւ ապաշխարանքով արդարացած` արժանի ըլլան վերստին տեսութեան մեր Տիրոջ Յիսուս-Քրիստոսի, որ պատրաստ է միշտ ընդունելու մեղաւորը եւ անոր շնորհելու նոր կեանք` խորհուրդներու միջոցաւ։
Կիրակի օրը ( Մարտ 9-ին) լսեցինք Յիսուսի խօսքերը օրէնքի մասին։ Ինք չեկաւ ջնջելու հաստատուած օրէնքը, այլ զայն կատարելագործելու։ Մովսէս ինքիրմէ չի դրաւ օրէնքները, այլ Աստուծոյ ներշունչումով շարադրեց զանոնք. Սակայն զգուշանալու է օրէնքները տառացի կերպով գործադրելէ առանց նկատի առնելու օրէնքի հոգին, որ կը կայանայ Քրիստոսի աշխարհ բերած նորութեան մէջ. Սիրել ընկերը իր անձին պէս։
Տրուած ըլլալով որ սուրբի տօներ չկան քառասնորդաց շրջանին, կ՛ուզենք խօսիլ զանազան հին Եկեղեցիներու մասին, որոնք տուած են բազմաթիւ սուրբ հայրեր եւ նահատակներ, որոնք կը տօնուին ընդհանրապէս բոլոր եկեղեցիներէն։
Երուսաղէմի Եկեղեցին
Առաջին Եկեղեցին Երուսաղէմի եկեղեցին է. Հոն է որ առաջին անգամուայ համար, քրիստոնեաները սկսան հաւաքուիլ եւ, առաքեալներու առաջնորդութեան տակ` կատարել զատկական պատարագի խորհուրդը, այնպէս ինչպէս Յիսուս սորվեցուցած էր իրենց աւագ Հինգշաբթի օրը, խաչելութենէն մէկ օր առաջ։
Երուսաղէմի Եկեղեցւոյ հիմնադիրը կը սեպուի Յակոբ Առաքեալը, որ նաեւ Տեառնեղբայր կը կոչուի, Յիսուսի մօտիկ ազգական եղած ըլլալուն համար։ Հոն է որ առաջին անգամուայ համար հաւաքուած են բոլոր առաքեալները, իրենց աշակերտներուն եւ Երուսաղէմի Եկեղեցւոյ մեծերուն հետ, գումարելու համար առաջին ժողովը, զոր ոմանք կ՛անուանեն առաջին տիեզերական ժողովը, որու գլխաւոր նիւթը եղած է հաշտութիւնը հրէութենէն եկած եղբայրներուն հեթանոսութենէն եկողներուն հետ։ Այս վերջինները պարտադիր չէին այլեւս ՜՜նախ թլփատուիլ՝՝ քրիստոնեայ ըլլալէ առաջ։ Պօղոս առաքեալ իր կարեւոր ազդեցութիւնը ունեցաւ այս խնդրին լուծման մէջ։
Քրիստոնեաները իրենց առանձին աղօթատեղիներն ունենալէ առաջ` իրենք եւս նախապէս տաճար կ՛ելլէին աղօթելու։ Հաւանաբար հրէական շատ մը սովորութիւններ մտան նաեւ գլխաւորաբար հրէութենէն յառաջ եկող առաջին քրիստոնեաներու ծէսերուն մէջ։ Զոր օրինակ` Վարագոյրի գործածութիւնը, կիրակնօրեայ իւղաբերից աւետարանը, անդաստանը եւ այլ արարորղութիւններ, որոնք յետագային մուտք պիտի գործէին նաեւ հայ ծէսին մէջ, որու կազմութեան ընթացքին մեր Հայրերը մեծապէս օգտուեցան Երուսաղէմի ծէսէն ու աւանդութիւններէն։
Շաբաթ 15 Մարտին` տօնն է Կիւրեղի Երուսաղէմի հայրապետին. Ան ծնած է Երուսաղէմ 315 թուին, եւ քահանայ ձեռնադրուած` 345-ին։ 5 տարի ետք` 350 թուականին կ՛ընտրուի Երուսաղէմի պատրիարք։ Կը պայքարի գլխաւորաբար արիոսականներուն դէմ, ինչպէս նաեւ կը հակառակի Յուլիանոս ուրացող կայսեր, որ զինք աքսորել կու տայ։ Կը տօնուի նաեւ միւս Կիւրեղը որ հրեայ մըն էր եւ որ կատարեց խաչին գիւտը Հեղինէ թագուհիին ժամանակ։ Ինք եւ մայրը` Աննա քրիստոնեայ դարձան ու Յուլիանոսի ժամանակ չարաչար կերպով նահատակուեցան։
Կիրակի 16 Մարտին Քառասնորդաց Գ. կիրակին՝ Անառակի կիրակին է։







All the contents on this site are copyrighted ©.