2014-03-10 12:16:50

«Խրիմի օրինական իշխանութիւններուն կողմէ առնուած քայլերը հիմնուած են միջազգային օրէնքին վրայ» ըսաւ Փութին


Ռուսիոյ, Բրիտանիոյ եւ Գերմանիոյ ղեկավարները Ուքրանիոյ տագնապին շուրջ ունեցած են հեռաձայնային անմիջական հաղորդակցութիւններ, որոնց ընթացքին, ըստ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի կայքին վրայ զետեղուած յայտարարութեան, «հակառակ կացութեան գնահատման մէջ տարակարծութեանց, լարուածութիւնը մեղմացնելու եւ կացութիւնը կարելի եղածին չափ շուտ բնականոնացնելու հասարակաց շահագրգռութիւն մը արտայայտուեցաւ»:
Փութին ընդգծած է, որ «Խրիմի օրինական իշխանութիւններուն կողմէ առնուած քայլերը հիմնուած են միջազգային օրէնքին վրայ»:
Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Քամերոն շեշտեց, որ բոլորը կը փափաքին տագնապին դիւանագիտական լուծում մը գտնել:
Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Ուիլիըմ Հէյկ յայտնեց, որ Մոսկուա Խրիմ մուտք գործելով «մեծ սխալ հաշուարկ» մը կատարեց:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի շաբաթ օր Ռուսիան զգուշացուց, որ Խրիմը կցելու որեւէ քայլ դիւանագիտութեան դուռը պիտի փակէ:







All the contents on this site are copyrighted ©.