2014-03-08 11:04:03

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը եւ 8 մարտի թուիթը


Շաբաթ, 8 մարտ, առաւօտեան ժամը 10,30-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի մէջ ընդունեց Եպիսկոպոսներու Ժողովի կառավարիչը` կարտինալ Մարք Ուելլէն։ Ան ապա ունկնդրութիւն շնորհեց Սպանիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամ եպիսկոպոսներու վերջին խումբին։ Յայտնենք որ Սպանիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամները փետրաուր 24 էն սկսեալ, հերթաբար Վատիկան ժամանեցին, իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնները կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։ Սպանիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասը հիմնուած է 1966-ին, Պօղոս Զ Քահանայապետի կամքով, եւ կը գործէ իրեն իւրայատուկ զանազան մարմիններու միջոցաւ։
Սպանիոյ կաթողիկէ եկեղեցին մասնաւորապէս ներկայ է դաստիարակաչական, առողջապահական ու բարեսիրական մարզերուն մէջ։
1.462.000 աշակերտներ կը յաճախեն 5.535 կաթողիկէ դաստիարակչական կեդրոնները։ Եկեղեցին կը մատակարարէ 77 բազմաբուժարաններ, 54 դարմանատուներ, 803 ծերանոցներ, 391 որբանոցներ ու բորոտանոց մը։
Եկեղեցւոյ ներկայութիւնը մասնաւորապէս յայտնի է իր բարեսիրական կեդրոններով եւ Գարիթասով։ 2012-ին Եկեղեցւոյ բարեսիրական մարմինը տրամադարած է 267 միլիոն եւրօ` կարօտեալ եւ ինչազուրկ անհատներուն։ Հակառակ երկրին տնտեսական տագնապին սպանացիները վեհանձնութեամբ իրենց նպաստը կը բերեն Սպանիայի կաթողիկէ եկեղեցւոյ։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ իր այսօրուայ հրատարակած թուիթին մէջ կը գրէ.
''Քրիստոնեայ զոյգերու մարտահրաւէրն է` միասին ապրիլ, գիտնալ զիրար սիրել առ յաւէտ եւ այնպէս ընել որ սէրը աճի''։








All the contents on this site are copyrighted ©.